2010-02-15 14:40:48

Լուրեր հայ եկեղեցիէն


Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այցելութիւնը Երուսաղէմ

Փետրուար 15-ին սկիզբ կ՝առնէ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի երկօրեայ այցը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն։

Վեհափառը , այցելութեան ընթացքին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Թորգոմ արքեպիսկոպոս Մանուկեանին նաեւ կը փոխանցէ, ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէն՜՜ՀՀ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝՝ շքանշանը շնորհուած՝ Թորգոմ պատրիարքին իր գահակալութեան 20-ամեակի և ծննդեան տարեդարձի առիթով ։

Այս այցելութեան Վեհափառին կ՝ուղեկցին եօթը հոգինոց եկեղեցական պատուիրակութիւն մը։



Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան այցելեց ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան ։

Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը շաբաթ, 13 փետրուար 2010-ի կէսօրին Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանին, որուն կընկերակցէին նախարարի խորհրդական Արա Պուլուզեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան։ Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Լիբանանի թեմի պատրիարքական փոխանորդ արհիապատիւ Հ. Վարդան եպս Աշգարեան, Մասիսի պատասխանատու խմբագիր հայր Անդրանիկ Ծ վրդ Կռանեան եւ Տիար Սարգիս Նաճարեան։

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած սրտբաց խօսակցութիւնը շօշափեց ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացին առնչուած հարցեր։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը պարզեց իրավիճակը եւ կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ հաւանական զարգացումներու մասին։Նաեւ արծարծուեցան ՜՜հայ - թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին ծանօթ արձանագրութիւններուն հաւանական անդրադարձները՝՝։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.