2010-02-14 14:51:36

Տրնդեչ կամ Տեառընդառաջ (Տօն քառասնօրեայ Գալստեանն Քրիստոսի ի տաճարն)


Տրնդեչ կամ Տեառընդառաջ (Տօն քառասնօրեայ Գալստեանն Քրիստոսի ի տաճարն)



Հայ առաքելական եկեղեցին ամէն տարի 14 փետրուարին, Քրիստոսի Ծնունդէն 40 օր ետք, մեծ հանդիսաւորութեամբ կը նշէ քառասուն օրական մանուկ Յիսուսը տաճարին ընծայաբերելու տօնը՝ Տեառնընդառաջը (կամ ինչպէս ժողովուրդը կ'ըսէ՝ Տրնդեզը)։ Տեառնընդառաջ բառին մէջ արդէն կայ տօնին իմաստը՝ Տիրոջ ընդառաջ գնալ։



Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւնները կը սկսին 13 փետրուարի երեկոյեան, քանի որ եկեղեցական տօնացոյցով նոր օրը կը սկսի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք։ Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը կատարուին արտերու եւ պարտէզներու օրհնութիւն։ Ժամերգութեան աւարտին մարդիկ եկեղեցիին մէջ վառուող մոմէն կը վառէին իրենց մոմերը՝ Քրիստոսի փրկարար լոյսի խորհրդանիշը իրենց հետ տանելով տուն։ Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն, եկեղեցիէն դուրս բերուած մոմի կրակով կը վառեն նաեւ Տեառնընդառաջի խարոյկը։



Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի, ինչպէս Տիրոջը տաճարին ընծայելու ժամանակ ժողովուրդը ջահերով եւ կանթեղներով ելաւ անոր ընդառաջ, մենք ալ նոյն օրինակով կրակ ու ջահ կը վառենք եւ Տիրոջ գալստեան նախատօնակը կը կատարենք։ Ըստ Աւետարանին, Յովսէփն ու Մարիամը Բեթղեհէմի մէջ 40 օր մնալէ ետք կ'առնեն մանուկ Յիսուսը եւ կերթան Երուսաղէմ՝ Անոր՝ Տիրոջը ներկայանալու (Ղուկ Ա 22)։ Անոնց ընդառաջ կու գայ Սիմոն անունով Աստուծոյ ծառան, որ Տիրոջմէն խնդրած էր իրեն այնքան կեանք տալ, մինչեւ տեսնէ Աստուծոյ փրկութիւնը։ Սրբազան աւանդութեան համաձայն, երբ տեղ կը հասնին, Աստուծոյ հրամանով փակուած տաճարի արեւելեան դուռը կը բացուի։



Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին։ Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին, երկինքէն իջաւ եւ մեր փրկութեան համար աշխարհ եկաւ։ Այս մէկը աստուածային սիրոյ գերագոյն դրսեւորումն է Արարիչէն հեռացած արարածին հանդէպ։ Մարդացած Աստուածորդին ամէն պահ կը դիմէ մեզի Եկէ՛ք ինծի բոլոր յոգնածներդ ու բեռնաւորուածներդ, եւ ես ձեզ կը հանգստացնեմ (Մատթ ԺԱ28)։



Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բի նախաձեռնութեամբ, Տեառնընդառաջը հռչակուած է նորապսակներու օրհնութեան օր։ 14 փետրուարին, Տեառնընդառաջի տօնական Ս պատարագէն ետք, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի նորապսակներու օրհնութեան կարգ։



Իսկ ժողովրդական աւանդութեան համաձայն, շէնքերու բակերուն մէջ կը վառեն խարոյկներ, որոնց վրայէն երիտասարդները կը ցատկեն՝ ի նշան նոր կեանքի եւ պատրաստ՝ յաղթահարելու փորձութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.