2010-02-14 14:52:00

Հայ ազգի նշանաւոր դէմքեր -Պետրոս Ասլանեան

Միջերկրական խաչմերուկ գեղանկարիչ Պետրոս Ասլանեանի միջազգային ճանաչման մասին


Հայ ազգի նշանաւոր դէմքեր -Պետրոս Ասլանեան

Միջերկրական խաչմերուկ գեղանկարիչ Պետրոս Ասլանեանի միջազգային ճանաչման մասին



Ան ծնած է Եգիպտոս, ընտանեօք գաղթած է Յունաստան, յաջորդաբար փոխադրուած է Գանատա, որմէ յետոյ սկսած է իր կեանքը արեւու եւ ձիւնի միջեւ կիսել։ Յետոյ...յետոյ սկսած են ճամբորդութիւնները՝ Ֆրանսա, Իտալիա, Ամերիկա, Ռուսաստան ու - անշուշտ հայրենիք։ Ամէն վայրէ միշտ ալ վերատարձած է նոր պատկերներով ու նոր յղացումներով, ի վերջոյ թարմ ներշնչանքներով։ Ամէն տեղ եւ ամէն մարդու գրաւելով իր վրձինի ուժով, իր հեզահամբոյր նկարագրով։ Իր անհատականութեան շարունակութիւնը կազմող պաստառներու վկայութեամբ համոզելով բոլորին, իր ոճին անհամաձայն գտնուողն անգամ։ Ան բոլորին է եւ բոլորն ալ իրը։ Հայուն է յատկապէս, նա մանաւանդ Հայաստանէն վերադարձէն յետոյ, ուրկէ քաղեց ու հետը բերաւ հայոց աշխարհի բոյրը, հայոց ծիածանի երանգները։



Վերջերս լոյս տեսած իտալական գեղարուեստական ցուցակ մը կու գայ փաստելու, թէ Պետրոս Ասլանեան որքան մերը, նոյնքան ալ աշխարհին է։ Սոյն գեղատիպ Կատալոգը, որ խորագրուած է ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ՝ ԱՐԱԲ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ԻՏԱԼԻՈՅ ԵՒ ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ՄԻՋԵՒ, իրենց ծանրակշիռ խօսքերով կը ստորագրեն Իտալիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճանֆրանքօ Ֆինի եւ արտաքին գորղոց նախարար Ֆրանքօ Ֆրաթթինի։ Երկու երեւելի անձնաւորութիւնները կը բացատրեն թէ խնդրոյ առարկայ ցուցակը լոյս կը տեսնէ Մաղրէպ ու Մաղրէպի եւ Մոնթէչիթորիոյի մէջ կայացած նկարչական զուգահեռ ցուցահանդէսներուն առիթով, ուր ցուցադըրւեցան արաբ ու իտալացի լաւագոյն գեղանկարիչները գեղարուեստական երկխօսութեան մը կերպարանքով։ Նախաբաններուն մէջ կը նշուի Միջերկրական աւազանը, որուն ծոցին մէջ սնած են հնագոյն, ինչպէս նաեւ մեծագոյն մշակոյթները ու միաժամանակ ծաղկած են այդտեղ ապրող ժողովուրդներու միջեւ փոխ - յարաբերութիւնները։ Սոյն ցուցահանդէսին, կազմակերպըւած անցեալ տարուան ընթացքին, կը յիշատակուին երկու երկիրներու միջեւ սերտ կապեր հաստատողներու անունները, որոնց կարգին իտալացի վարպետ Օթթորինօ Պիքքիի։ Վերջինս եղած է երկու մշակոյթները միացնողը, քանի որ իտալական շունչն ու արուեստը ներմուծեց Եգիպտոս, ուր 19Ձ9-ին հիմնեց նախանձելի Ակադեմիա նկարչութեան, արձանագործութեան, գեղազարդումի ու արուստաբանութեան, ղեկավարելով զայն մինչեւ 1949, իր մահուան թուականը։

Օթթորինօ Պիքքի յատուկ նշանակութիւն ունի մեզ՝ հայերուս համար եւս, քանի որ եղած է մեր գեղանկարիչ հայրենակիցի ուսուցիչն ու գնահատուած աշակերտը։ Այդ իսկ պատճառով Կադալոգին մէջ արձանագրուած է Պետրոս Ասլանեանի անունը իր նախկին ուսուցիչ Ոթթորինօ Պիքքիի անունի կողքին։ Հայ նկարիչը յիշատակուած է որպէս ռահվիրաներէն մէկը եգիպդական նորագոյն գեղանկարչութեան։

Պետրոս Ասլանեան գոյնի, շարժումի ու տարածութեան իր երրեակ գեղարուեստական սկզբունքներուն հաւատարիմ, որոշ երկիրներ գրաւելէ յետոյ միջազգային ասպարէզին ալ տիրացաւ որպէս միակ զէնքեր ունենալով վրձինն ու երանգապնակը։ Ու թէեւ Աշխարհաքաղաքացի, Ասլանեան Մերը կը շարունակէ մնալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.