2010-02-14 14:52:18

Կիրակնօրեայ Աւետարանակնա ընթերցում

Կիրակի 14 Փերտուար 2010

Ա Կիրակի Քառասնորդաց, Բուն Բարեկենդան։ Մուտն Ադամայ ի դրախտն

Մատթ գլուխ 6, 1-21 համարները


Կիրակնօրեայ Աւետարանակնա ընթերցում

Կիրակի 14 Փերտուար 2010

Ա Կիրակի Քառասնորդաց, Բուն Բարեկենդան։ Մուտն Ադամայ ի դրախտն

Մատթ գլուխ 6, 1-21 համարները



1Զգոյշ եղէք, ողորմութիւնը մի ընէք ի ցոյց մարդոց, անոնց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, որովհետեւ պիտի կորսնցնէք ամէն վարձատրութիւն ձեր Հօր քով, որ երկինքն է։ 2Երբ ողորմութիւն տաս, մի թմբկահարեր զայն, ինչպէս կ'ընեն կեղծաւորները ժողովարաններու մէջ եւ փողոցներու վրայ, մարդոցմէ գովասանք առնելու համար կ'ըսեմ ձեզի արդէն իսկ ընդունած են իրենց վարձատրութիւնը։ 3 Իսկ դուն երբ ողորմութիւն ընես, թող ձախ ձեռքդ անիգտանայ ինչ որ կ'ընէ աջդ, 4 որպէս զի ողորմութիւնդ ըլլայ գաղտնի եւ Հայրդ որ կը տեսնէ գաղտնին, պիտի վարձատրէ յայտնապէս։

5 Երբ աղօթէք , մի նմանիք կեղծաւորներուն որոնք կը սիրեն կանգնիլ ժողովարաններու մէջ կամ հրապարակներու վրայ, որպէս զի տեսնուին։ Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, արդէն իսկ անոնք առած են իրենց վարձատրութիւնը։ 6 Իսկ դուն երբ աղօթես՝ քաշուէ սենեակդ, փակէ դուռը վրադ եւ աղօթէ Հօրդ ծածուկ, որ հոն ներկայ է Հայրդ որ կը տեսնէ ամէն գաղտնիք, պիտի վարձատրէ քեզ յայտնապէս։

7 Երբ աղօթէք, մի շատախօսէք հեթանոսներու պէս որ կը կարծեն թէ շատ խօսելով լաւ ունկնդրութիւն պիտի ունենան։ 8 Ուստի դուք անոնց մի նմանիք, որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ ձեր կարիքը։ Դուք այսպէս աղօթեցէք

9Հայր մեր որ երկինքն ես, Սուրբ ըլլայ քու Անունդ,

10 թող գայ արքայութիւնդեւ կատարուի կամքդ՝ երկրի վրայ ինչպէս երկնքի մէջ։

11 Տուր մեզի այսօր մեր օրուան հացը,

12 ներէ մեզի մեր պարտքը,ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց որ մեզի կը պարտին

13 մի ենթարկեր մեզ փորձութեան, այլ փրկէ չարէն։

14 Եթէ դուք ներէք մարդոց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի։ 15 Եթէ դուք չներէք մարդոց, երկնաւոր Հայրն ալ պիտի չներէ ձեզի՝ ձեր յանցանքները։

16 Երբ ծոմ պահէք, մի մթանէք ձեր դէմքը կեղծաւորներու նման որոնք կը կախեն իրենց երեսը որպէս զի մարդոց յայտնի ըլլայ թէ ծոմ կը պահեն։ Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, արդէն իսկ ընդունած են իրենց վարձատրութիւնը։ 17Իսկ դուն երբ ծոմ պահես, բուրումնաւետէ գլուխդ, լուա երեսդ, 18 որպէս զի ծոմդ երեւնայ ոչ թէ մարդոց, այլ Հօրդ՝ ծածուկ եւ Հայրըդ որ ծածուկ կը տեսնէ, պիտի վարձատրէ քեզ։

19 Մի դիզէք ձեզի գանձեր երկրի վրայ, ուր ցեցն ու որդը կը կրծեն, ուր գողերը պատին մէջէն անցք կը բանան ու կը գողնան։ 20 Դուք գանձեր հաւաքեցէք երկնքի մէջ, ուր չկան ցեց ու որդ որ կրծեն, չկայ գող որ գողնայ։ 21 Ուր գանձդ է, հոն է նաեւ սիրտդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.