2010-02-13 14:10:15

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին գործունէութիւնը

Շաբաթ 13 փետրուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց.

- Կարտինալ Ուլիամ Լեվատան` կառավարիչը հաւատոյ ժողովին,

- Կարտինալ Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին,

- Ռումանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն,

- Կեանքի Քահանայապետական կաճառի լիանիստ ժողովին մասնակցողները, շուրջ 20 հոգի։

Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Իվան Տիաս` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին։



Սրբազան Քահանայապետին խօսքը Կեանքի Քահանայապեատական կաճառի լիանիստ ժողովին մասնակցողներուն։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ մարդաբանութեան հարցին վրայ։ Մարդու արժանաւորութիւնը Քրիստոնէական հաւատքի հիմնական սկզբունք է, մանաւանդ այն անհատներու հանդէպ որոնք պարզ ու անպաշտպան են։ Նորին Սրբութիւնը կը ճանչնայ թէ Կեանքի Քահանայապետական կաճառի անդամներու յանձնառումը միշտ եղած է նուրբ ու դժուար, սակայն մարդկային կեանքի պաշտպանութիւնը պէտք է ձեզ քաջալերէ աւելի մեծ խանդով ու քաջութեամբ նուիրուելու կեանքի ի սպաս, եւ դաստիարակելու նոր սերունդը աւետարանական արժէքներով։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ որ շարունակէք ձեր աշխատանքն ու փնտռտուքը կեանքի պաշտպանութեան ի խնդիր։ Թող իմ առաքելական օրհնութիւնը ձեզի ընկերանայ ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ. եզրափակելով իր խօսքը։

կարտինալ Սանտրի կը պաշտպանէ պաղեստինցիներու իրաւունքը , անկախ հայրենիք մը ունենալու։

Պաղեստինի ժողովուրդին իրաւունքն է ունենալ ինքնավար եւ անկախ պետութիւն մը, հաստատած է կարտինալ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին։ Անդրադառնալով արեւելեան բազմաթիւ երկիրներու կացութեան, Կարտինալ Սանտրի խօսեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Կիպրոս կատարելիք առաքելական այցելութեան մասին 2010-ի յունիսին, մաղթելով որ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը նպաստէ Կիպրոսի կղզիին խաղաղութեան, եղբայրակցութեան ու հաշտութեան կոչումին ։ Ան հաստատեց թէ Ս. Աթոռը անխոնջ կը կրկնէ որ զինուորական միջամտութիւնները բնաւ չեն եղած լուծում մը ։ Ապագան պէտք է կերտել փոխադարձ յարգանքի վրայ եւ եթէ կարելի է, եղբայրակցութեան վրայ, ընկերային ու կրօնական զանազան խումբերու միջեւ։

ֆրանսական Ծերակոյտի՝ ֆրանսա-Վատիկան բարեկամութիւն կոչուած խումբի ծերակուտականներու այցելութիւնը Հռոմ ։

Փետրուար 11-14 ֆրանսացի վեց ծերակուտականներ, քաղաքական տարբեր հոսանքներու պատկան, Հռոմ կը գտնուին տեսակցութիւն ունենալու՝ Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ Տոմենիք Մամպերթիի եւ միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ ժան Լուի Թոռանի հետ։ Հռոմ կեցութեան ընթացքին անոնք նաեւ հանդիպում կ՝ունենան Յիսուսեաններու միաբանութեան եւ Ափրիկէի առաքելութեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորներուն հետ եւ Կիրակի օրը, կէսօրին, կը մասնակցին Սրբազան Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն աղօթքին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.