2010-02-13 14:12:04

Լուրեր հայկական կեանքէն


ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ Արտօ Չաքմաքճեանի ցուցահանդէսը։

Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մօտ Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Ֆրանսուազ Ռիվիէր ԵՈՒՆԵՍՔՕի տան մէջ կատարեցին քանատահայ քանդակագործ Արտօ Չամքաչեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին բացումը։ Բացման արարողութեան ներկայ էին մօտ տասնեակ մը երկիրներու դեսպաններ, Ֆրանսայի քաղաքական- հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, մշակոյթի գործիչներ, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Արտօ Չամքաչեան ժամանակակից հայ կերպարուեստի կարկառուն դէմքերէն մէկն է, միջազգային համբաւի տէր արուեստագէտ եւ քանատայի Գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիայի անդամ։ Ծնած է Գահիրէ, ապրած ու ստեղծագործած է Հայաստան եւ 1975-էն ի վեր հաստատուած է Քանատա։

Ան մաս կը կազմէ 20-րդ դարու 60-70ական թուականներու գրողներուն, երաժիշտներուն, նկարիչներուն այն փառահեղ սերունդին, որ նոր խօսք ունեցաւ ըսելիք արուեստին եւ նպաստեց հայ ժողովուրդին հոգեւոր վերելքին եւ ինքնագիտակցութեան զարթօնքին։ Անոր գործերը կը գտնուին աշխարհի զանազան թանգարաններուն եւ քաղաքներուն մէջ։

Այս ցուցահանդէսին ներկայացուեցան վարպետին քանդակները, ինչպէս նաեւ՝ խորհրդային շրջանի բացառիկ գծանկարներու շարքը, որ կը ցուցադրուի առաջին անգամ ըլլալով։



Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսարանի գրասենեակի բացում Տէր Զօրի մէջ։

ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար՝ Արման Կիրակոսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Տէր Զօր այցելած է։ Տէր Զօրի նահանգապետը՝ Հիւսէյն Առնուս եւ Պաաս կուսակցութեան Տէր Զօրի նահանգային կառոյցի ղեկավար՝ Թահա Խալիֆա ընդունած են հայկական բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարեւոր նկատած են Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի գրասենեակի բացումը՝ յոյս յայտնելով, որ այդ գրասենեակը կամուրջի դեր խաղայ Հայաստանի եւ Տէր Զօր նահանգին միջեւ առեւտրական-տնտեսական, մշակութային եւ արհեստագիտական մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը խորացնելու գործին մէջ։ Արման Կիրակոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Տէր Զօրի իշխանութիւններուն՝ հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատար եւ ջերմ վերաբերմունքին համար։

Նոյն օրը Տէր Զօրի հայկական եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի պետական դրօշակի օծման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին հայկական երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը, ինչպէս նաեւ նահանգային իշխանութիւններու ղեկավարներ եւ Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն ժամանած հայեր։ Օծման արարողութեան ընթացքին կարդացուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի շնորհաւորական ուղերձը։

Արարողութենէն ետք թափօրը ուղղուած է դէպի Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի գրասենեակ, ուր ելոյթ ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեան, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ Տէր Զօրի նահանգապետ Հիւսէյն Առնուս։ Պատուաւոր հիւպատոսի գրասենեակի բացման արարողութեան ներկայ եղած են Սուրիոյ մէջ հաւատարմագրուած պետութիւններու դեսպաններ, հիւպատոսներ, լրագրողներ, հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ, սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Նոյն օրը երեկոյեան կազմակերպուած է ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկած է նոր նշանակուած պատուաւոր հիւպատոս, տէրզօրաբնակ Սուրէն Վարդանեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.