2010-02-13 12:34:14

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈՐՏԻՒԺԱՆ։
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան։ Քննարկուած են կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։ Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են 2009 թուականին կազմակերպութեան ընդունած եւ իրագործած առանցքային որոշումներուն, մասնաւորաբար՝ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու կողմէ արագ արձագանգումի հաւաքական ուժերու ստեղծման համաձայնագիրի ստորագրման համար։ Զրուցակիցները նաեւ կարեւոր նկատած են կազմակերպութեան կառոյցներու ձեւաւորման գործընթացին մէջ աշխուժ ուժականութիւնը 2010 թուականին եւս պահպանելու եւ անկէ բխող իրաւա-պայմանագրային դաշտը ամբողջացնելու անհրաժեշտութիւնը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ։
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմը երէկ Ազգային ժողովի վաւերացման ներկայացուցած է 10 հոկտեմբեր 2009-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւնները։ Ազգային ժողովին մէջ արձանագրութիւններու քննարկման ժամանակ Հայաստանի նախագահի ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան երկու աշխատանքային օրուան ընթացքին պէտք է շրջանառութեան մէջ դնէ արձանագրութիւնները եւ նշանակէ յանձնախումբ մը, որ պիտի քննարկէ ներկայացուած փաստաթուղթերը։
Ա.Ա.ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ ԱՐԹՈՒՐ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑՈՎ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՖՐԱՆՍԱ։
Փետրուար 15-ին երկօրեայ աշխատանքային այցով Ֆրանսայ կը մեկնի Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Ինչպես /a> -ը կը տեղեկացնէ (ԱԱԽ քարտուղարի մամուլի գրասենեակը) Ա. Բաղդասարեան հանդիպումներ կ՝ունենայ Ֆրանսայի ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան գլխաւոր քարտուղար Ֆրանսիս Դելոնի, Ֆրանսայի նախագահի դիւանագիտական խորհրդական Ժան-Տավիթ Լեվիտի, Եւրոպական հարցերու պետքարտուղար Բիեռ Լելուշի, ազգային հետախուզութեան համակարգող Բեռնար Բաժոլէի, արտաքին անվտանգութեան գլխաւոր տնօրէնի, կառավարութեան դիւանագիտական խորհրդատու Առնօ Գիյուայի, Ֆրանկոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Աբդու Դիուֆի եւ պաշտօնատար այլ անձերու հետ։
ՀԱՅ-ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ԿԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑՆԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 10 փետրուարին պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Էրվէ Մորեն ստորագրած են հայ-ֆրանսական երկկողմ պաշտպանական համագործակցութեան վերաբերող համաձայնագիրը, որ իրաւական հիմք պիտի դառնայ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական համագործակցութեան ծաւալման համար։ Մինչեւ փաստաթուղթի ստորագրութիւնը նախարարները քննարկած են զինուորական համագործակցութեան, շրջանային, եւրոպական եւ միջազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր եւ անդրադարձած են Հայ-ֆրանսական պաշտպանական համագործակցութեան ծիրին մէջ իրականացուած աշխատանքներուն ու համագործակցութեան հեռանկարներուն։ ՝՝Ռեկնում՝՝ գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Փարիզի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը ազրպէյճանցիներուն անհանգստութեան պատճառ դարձած է։ Մինսքի խմբակի արդէն երկու համանախագահները՝ Ռուսիան, հիմա ալ Ֆրանսան, դարձած են Հայաստանի զինուորական դաշնակիցները(ըսած է ազրպէյճանցի քաղաքագէտ Զարտուշթ Ալիզատէ եւ աւելցուցած է) որ այդ երկիրները, նաեւ Միացեալ Նահանգներ, որոնք ֆինանսական օգնութիւն կը յատկացնեն Հայաստանին, չեն կրնար անկողմնակալ միջնորդներ ըլլալ։







All the contents on this site are copyrighted ©.