2010-02-12 14:34:56

Էջ մը հայ երաժշտութենէն


ՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ ՅԱԿՈԲ ԷՍՄԵՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԵԿՈՅ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Բ Կանաչեան երաժշտական քոլեճին, Համազգայինի Լ Շանթ մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ջութակահար Յակոբ Էսմերեանի յիշատակին նուիրուած երեկոյ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն դոկտ Ուալիտ Ղոլմիէի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, հայ թէ օտար արուեստասէրներու, արուեստագէտներու, եւ համազգայնականներու։

Հանդիսութեան բացման խօսքը Համազգայինի Բ Կանաչեան երաժշտական քոլեճին անունով արտասանեց Յակոբ Աբրահամեան, որ նշեց, թէ մեծարանքի երեկոները լաւագոյն առիթներն են յիշելու անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են հայ ժողովուրդի ժառանգութեան պահպանման առաքելութեան ու վերելքին մէջ։ Ան հաստատեց, թէ Յակոբ Էսմերեանի երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին ան մնայուն կերպով ծառայած է արուեստին ու մշակոյթին, եւ այդ բոլորին ընդմէջէն՝ հայ ժողովուրդին։ Ապա ներկայացնելէ ետք Էսմերեանի հակիրճ կենսագրութիւնը եւ գնահատելէ ետք անոր վաստակը՝ Յակոբ Աբրահամեան նշեց, թէ էսմերեաններ արուեստին ընդմէջէն բարձր պահած են լիբանանահայութեան անունն ու պատիւը։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Էսմերեանի ընտանիքին, որ քոլեճին նուիրած էր Յակոբ Էսմերեանի երաժշտական գիրքերը։

Բացման խօսքին յաջորդեց Բ Կանաչեան երաժշտական քոլեճի եռեակին կատարումը վերջինս ներկայացուց Պեթհովենի ստեղծագործութիւններէն հատուած մը։ Օրուան առաջին պատգամը փոխանցեց խմբավար Յարութ Ֆազլեան, որ նշեց, թէ Էսմերեան Պախի նկատմամբ յատուկ համակրանք ունէր, եւ ան իր ամբողջ ժամանակը նուիրած էր երաժշտութեան՝ ծառայելով Լիբանանին եւ իր հայկական ընկերութեան։

Ֆազլեան աւելցուց, որ Յակոբ Էսմերեան սթիւտիոյի արձանագրութիւններուն մէջ ունեցած էր իր իւրայատուկ դիրքն ու կարեւորութիւնը, իսկ իր ստեղծած քառեակը՝ Էսմերեան քառեակը օրին մեծ մթնոլորտ ստեղծեց՝ ունենալով բարձրորակ կատարումներ, ինչ որ գնահատելի երեւոյթ է։

Յիշատակի հանդիսութեան երկրորդ պատգամախօսն էր Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն դոկտ Ուալիտ Ղոլմիէ, որ հաստատեց, թէ ջութակահար Յակոբ Էսմերեան Լիբանանի պետական երաժշտանոցի վերականգնման աշխատանքներուն մէջ մաս կազմած է առաջին սերունդին, որուն դերակատարութիւնը եղած է արդիւնաբեր ու գնահատելի։

Ուալիտ Ղոլմիէ յայտնեց, թէ Էսմերեան ապրեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ, երբ ան արուեստի ճամբով կը հաստատէր, թէ ինք իրաւունք ունէր, մինչ Լիբանանը սխալ ընթացքի մէջ էր։ Արժեւորելով Յակոբ Էսմերեանի վաստակը՝ ան նշեց, թէ Էսմերեան իր մեծ ներդրումով դարձաւ Լիբանանի երաժշտական կեանքին հիմնական սիւներէն մէկը։

Հանդիսութեան աւարտին, Համազգայինի Բ Կանաչեան երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ յետմահու Համազգայինի յուշանուէրը յանձնեց Յակոբ Էսմերեանի քրոջ՝ Վարդուկ Էսմերեանին՝ առ ի գնահատանք ջութակահարին ունեցած մեծ ծառայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.