2010-02-11 15:09:38

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։

Սուրբ Պատարագ հիւանդներուն համար ։


Հինգշաբթի 11 փետրուար 2010, Լուրտի Տիրամօր տօնն է եւ հիւանդին համաշխարային 18-րդ օրը։

Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ս. պատարագ մատոյց հիւանդներուն դիտաւորութեան համար , Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։

Իր արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ի մէջ այլոց ըսաւ. ՜՜Յիսուս կը շրջէր Գալիլիոյ մէջ, կը սորվեցնէր ժողովարաններու մէջ, կը հռչակէր Արքայութեան Աւետարանը, կը բժշկէր հիւանդութիւններն ու ցաւերը։ Եկեղեցին կանչուած է շարունակելու՝ Յիսուսի առաքելութիւնը, որ կը ներփակէ նաեւ հիւանդներուն մարմնոյ եւ հոգւոյ խնամատարութիւնը՝՝։

Աստուած, արդարեւ, կ'ուզէ բուժել ՜՜բոլոր մարդը՝՝։

Աւետարանին մէջ ՜՜մարմնոյ բուժումը նշան է նաեւ մեղքերու թողութեան՝՝։

Հետեւաբար՝ զարմանալու չէ եթէ հաւատացեալները կը հայցեն բարեխօսութիւնը Տիրամօր, որովհետեւ՝ ան նաեւ կը կոչուի ''Հիւնանդաց Առողջութիւն''։

Ապա Նորին Սրբութիւնը վերակոչեց Քահանայապետական առողջապահութեան խորհուրդին հաստատման 25 ամեակը, եըջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ։ Այս առթիւ, ըսաւ Սրբազան Հայրը. կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել կարտինալ Անճելինիին որ եղաւ առաջին նախագահը այս խորհուրդին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հիւանդները եւ բոլոր այն կազմակերպութիւններն մարմինները որոնք մօտէն կը հետեւին հիւանդներու հոգատարութեան։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ ՜՜Եկեղեցւոյ մայրութիւնը ցոլացումն է Աստուծոյ հոգատար սիրոյն՝՝։ Եկեղեցին, Մարիամի նման, կը պահպանէ իր մէջ մարդու ողբերգութիւնը եւ Աստուծոյ Մխիթարութիւնը։ Այսպէս հիւանդները ոչ միայն առարկայ են Եկեղեցւոյ խնամքին այլ եւ միաժամանակ անոնք ռահվիրաներն են հաւատքի եւ յոյսի ու վկաները Աստուծոյ սիրոյն։

Քրիստոս մեզի սորվեցուց տառապանքով բարիք ընել ու միաժամանակ տառապեալներուն բարիք ընել։

Յիսուս այսպէս մեզի յայտնեց ՜՜իմաստը տառապանքին՝՝։

Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ օգնէ մեզի որ լիովին ապրինք այս առաքելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.