2010-02-11 15:24:59

Հայկական կեանք


Վանքուվըրի Մէջ Բարձրացաւ Հայաստանի Դրօշը

Գանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ, 21րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերու աւանէն ներս, Փետրուար 6ին տեղի ունեցած է Հայաստանի դրօշակի բարձացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած են Հայաստանի մարզական պատուիրակութեան ղեկավար, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան, Հայաստանի մարզիկները եւ մարզիչները, նաեւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի ու Վանքուվըրի խաղերու կազմակերպիչներու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հիւրեր եւ հանդիսատեսներ:



 «Եւրոտեսիլ 2010» երգի մրցումին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանը

Օսլոյի մէջ տեղի ունենալիք «Եւրոտեսիլ 2010» երգի մրցումին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանը. որուն կիսաեզրափակիչ փուլին, Հայաստան հանդէս պիտի գայ Մայիս 27ին:  Նշենք, որ «Եւրոտեսիլ-2010» երգի մրցոյթի հայաստանեան նախընտրական փուլին, 30 երգերէ ընտրուած է 10 հատ: Փետրուար 11ին, «Հ1»ի ուղիղ եթերով պիտի որոշուի 10 մասնակից երգերուն հերթականութիւնը, իսկ երգերը հանդիսատեսին պիտի ներկայացուին Փետրուար 14ին՝ հեռատեսիլային ընտրական փուլին համար:

Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին Փրկուեցաւ Փլուզումի Վտանգէն 

Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս պատմական եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքը սկսած էր լուրջ պատրաստութիւններու հիման վրայ։ Այս նպատակով իր շատ կարեւոր ներդրումը ունեցած էր Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըք, որ «Հայճար» հայ ճարտարապետներու միութեան ու «Անատոլու Քիւլթիւր» հիմնարկի հետ գործակցելով, ձեռնարկած էր եկեղեցին նորոգելու լայնածաւալ ու բազմածախս աշխատանքին։ 2009ի վերջաւորութեան, նորոգութեան լաստակները տեղադրուած էին արդէն եւ առաջին միջամտութիւններով ապահովուած էր եկեղեցւոյ մնացեալ մասերուն փլուզումի վտանգին մեկուսացումը։

Քննարկելու համար կատարուած աշխատանքին այժմու փուլը՝ եկեղեցի միօրեայ այցելութիւն մը տուին Վարդգէս Էրկիւն, Եշիլգիւղի վարժարանի հիմնադիր Կարապետ Փայլան, «Հայճար»ի անդամ Պարետ Պինաթլը, «Անատոլու Քիւլթիւր»ի նախագահ Օսման Քավալա եւ նոյն հիմնարկի անդամներէն՝ Շէհմուզ Տիքէն։

Աւարտին, այցելուները ստուգեցին աշխատանքներուն հիմնական կէտերը եւ շինարարութեան հետ կապուած հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.