2010-02-11 15:10:59

Արամ Ա կաթողիկոսի հայրապետական յատուկ պատգամը Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու հոգեւորականաց դասուն,Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով։

Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով, Արամ Ա կաթողիկոս հայրապետական յատուկ պատգամ յղեց Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու հոգեւորականաց դասուն, որոնք իրենց առաջնորդ սրբազաններուն գլխաւորութեամբ միացեալ համագումար մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Վեհափառը գնահատելով երեք թեմերուն միջեւ վերջին տարիներուն սկսած միացեալ շարք մը աշխատանքներու երեւոյթը, իր ուրախութիւնը կը յայտնէ յատկապէս հոգեւորականաց դասուն մէկտեղումին, եւ գործակցութեան ճամբով փորձառութեանց փոխանակման համար։

Ապա, վեհափառը քանի մը կէտերով կը շեշտէ այն կարեւոր նիւթերը, որոնք լուսարձակի տակ պիտի բերուէին սոյն համագումարին ընթացքին։ Նշենք, որ համագումարին առանցքը կազմեց վեհափառին հռչակագիրը, որով ան 2010 թուականը յայտարարած էր Հայ կնոջ տարի։

Յայտնենք, որ բոլոր թեմերուն մէջ ալ նոյն օրը մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ թեմակալ առաջնորդներուն կողմէ վերարժեւորուեցաւ հայ հոգեւորականութեան ծառայական ներկայութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։

All the contents on this site are copyrighted ©.