2010-02-10 13:45:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 10 փետրուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին Դարու հայրապետներու մասին, Սրբազան Քահանայապետը, այսօր խօսեցաւ Ս. Անտոն Բատովացիի մասին։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր

Սուրբ Անտոն Բատովացին Եկեղեցւոյ ամենէն ժողովրդական սուրբերէն է, ան ծնած էր Լիզբոն 1195 թուականին։ ։

Զգացուած, Մարոքի մէջ նահատակուած հինգ ֆրանչիսքեան առաքեալներու լուրէն Անտոն կրօնաւորը կը թողու Օգոստինեան վանքը եւ կը դառնայ ֆրանչիսքեան կրտսեր եղբայր մը։ Գիտութեան ու պերճախօսութեան շնորհներով մեծապէս օժտուած էր, անոր համար Ս. ֆրանչիսքոս անոր կու տայ պարտականութիւնը աստուածաբանութիւն ուսուցանելու իր միաբանակիցներուն։ Այսպէս՝ Ս. Անտոն Բատովացին հիմը դրաւ ֆրանչիսքեան աստուածաբանութեան դպրոցին, հարուստ Ս. Գիրքի միջամտութիւններով։

Անոր գրութիւնները, ճոխ Աւետարանի խօսքերով, կը մատնանշեն քրիստոնէական կեանքի ճշմարիտ ճանապարհը եւ որու համար արժանացաւ ''Աւետարանական Տոքթոր'' տիտղոսին։

Ս. Անտոն Բատովացին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մեզի կը յիշեցնէ թէ աղօթքը հաւասար է Տիրոջ հետ մեր ունեցած սիրոյ կապին։ Աղօթքը կարիքը ունի լուռ մթնոլորտի մը, որ ոչ միայն աղմուկի բացակայութիւն է այլ ներքին փորձառութիւն մը, որ կը հեռացնէ ամէն ցրուածութիւն։

Ս. Անտոն Բատովացիի համար աղօթել կը նշանակէ վստահութեամբ սիրտը բանալ Աստուծոյ, Անոր հետ խօսիլ, պարզել Անոր մեր կարիքները, զԱյն գովաբանել ու շնորհակալութիւն յայտնել Անոր ։ Միմիայն աղօթող մարդը կարող է յառաջանալ հոգեւոր կեանքին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով ըսաւ. միմիայն ան որ կ'աղօթէ կը յառաջանայ հոգեւոր կեանքին մէջ ինչպէս կ՝ըսէր Ս. Անտոն Բատովացին։

Ս. Անտոնին համար, Քրիստոս եղաւ կեդրոնը իր կեանքին ու քարոզութեան ։ Աղօթքս է որ Սուրբ Անտոնը բարեխօսէ քահանաներու ու սարկաւագներու համար, որպէսզի անոնք հոգատարութեամբ կատարեն իրենց պաշտօնը պատշաճօրէն քարոզելով Աստուծոյ խօսքը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները հայցելով Տիրոջմէն որ զանոնք առաջնորդէ իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին։ Թող Աստուած ամէնքդ օրհնէ ըսաւ Սրբազան հայրը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, յիշեցնելով թէ Հինգշաբթի, 11 փետրուարին եկեղեցին կը յիշատակէ Լուրտի Տիրամօր տօնը եւ հիւանդին համաշխարհային օրը։ Թող Մարիամ` Անարատ Յղացեալը , ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ. օգնէ ձեզի հաւատքի մէջ հաստատ մնալու։

Յայտնենք թէ Հիւանդին համաշխարհային օրուան առթիւ Նորին Սրբութիւնը պատարագ կը մատուցանէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, ուր աւագ խորանին մօտ զետեղուած է Սրբուհի Բերնադետին աճիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.