2010-02-10 14:01:26

Լուրեր հայկական կեանքէն


Արման Կիրակոսեանի հանդիպումը Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին հետ

Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեանի գլխաւորութեամբ՝ պատուիրակութիւն մը Փետրուար 9ին այցելութիւն կատարած է Սուրիա, հանդիպում ունենալու՝ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի հետ եւ մասնակցելու Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Տէր Զօրի քաղաքին մէջ (ուր եղեռնէն ճողոպրած հայերը ապաստանած էին) Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի գրասենեակի բացման պաշտօնական արարողութեան ։

Մուալլէմ- Կիրակոսեան հանդիպումի ընթացքին, քննարկուած են հայ-սուրիական քաղաքական, առեւտրատնտեսական, գիտակրթական եւ մշակութային համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր:

Իր խօսքին մէջ Հայաստանի փոխնախարարը շեշտած է, թէ Հայաստանի մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի Սուրիոյ հետ բազմակողմանի եւ բազմաբնոյթ յարաբերութիւններու զարգացման, որուն մասին կը վկայէ Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի գրասենեակին բացումը, որ նոր խթան կրնայ հանդիսանալ Հայաստանի եւ Սուրիոյ՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան խորացման համար:



Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին Փրկուեցաւ Փլուզումի Վտանգէն

Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս պատմական եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքը սկսած էր լուրջ պատրաստութիւններու հիման վրայ։ Այս նպատակով իր շատ կարեւոր ներդրումը ունեցած էր Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըք, որ «Հայճար» հայ ճարտարապետներու միութեան ու «Անատոլու Քիւլթիւր» հիմնարկի հետ գործակցելով, ձեռնարկած էր եկեղեցին նորոգելու լայնածաւալ ու բազմածախս աշխատանքին։ 2009ի վերջաւորութեան, նորոգութեան լաստակները տեղադրուած էին արդէն եւ առաջին միջամտութիւններով ապահովուած էր եկեղեցւոյ մնացեալ մասերուն փլուզումի վտանգին մեկուսացումը։

Քննարկելու համար կատարուած աշխատանքին այժմու փուլը՝ եկեղեցի միօրեայ այցելութիւն մը տուին Վարդգէս Էրկիւն, Եշիլգիւղի վարժարանի հիմնադիր Կարապետ Փայլան, «Հայճար»ի անդամ Պարետ Պինաթլը, «Անատոլու Քիւլթիւր»ի նախագահ Օսման Քավալա եւ նոյն հիմնարկի անդամներէն՝ Շէհմուզ Տիքէն։ Աւարտին, այցելուները ստուգեցին աշխատանքներուն հիմնական կէտերը եւ շինարարութեան հետ կապուած հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.