2010-02-10 12:51:25

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ։
Հայաստանի նախագահը Լոնտոնի մէջ այցելած է ժամանակակից արուեստի «Թեյթ» թանգարանը ուր ծանօթացած է Արշիլ Կորքիի աշխատանքներուն։ Ցուցահադէսի բացման ներկայ եղած են հասարակական գործիչներ, արուեստասերներ,եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Ինչպէս /a> -ի թղթակցի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է նախկին վարչապետ եւ նախկին դեսպան, մեծ ձեռնարկատեր Արմեն Սարգսեանը թէ ՝՝վերջին 26 տարիներուն Կորքիի առաջին ցուցահանդէսն է Լոնտոնի մէջ։ «Ընդունելութիւնը, որ տեղի կունենայ Սերժ Սարգսեանի ի պատիւ , Վինտսըր Պալատի մէջ,քիչ ազգեր կ՝արժանանան, եւ ես հպարտ եմ, որ իմ լաւ ընկերս Չարլզի (Իշխան) հետ, որու հայացքներն ու ճաշակները (յատկապէս արուեստի մարզէ ներս) կը համապատասխանեն իմ հայացքներուն ,անոր հետ կարողացանք կազմակերպել այս երեկոյթը»,- նշած է Արմեն Սարգսեանը։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՈՒՂԵՐՁԸ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ ԿԻՒԼԻ-Ն։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան դէպի Լոնտոն մեկնումի ճամբուն վրայ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին յղած է ուղերձ մը, որուն մէջ յայտնած է.
 «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու մեր նախաձեռնութիւնը գտնւում է միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կիզակէտում: Պահն իրաւամբ պատմական է, եւ դա գիտակցում ենք ոչ միայն մենք, այլեւ՝ ողջ աշխարհը: Երկկողմ յարաբերութիւնների բարելաւման գործում անգնահատելի են տարածաշրջանում ներգրաւուած տէրութիւնների ջանքերը: Համոզուած եմ, որ առանց նրանց միջնորդութեան, դժուար կը լինէր առաջընթաց գրանցել: Դրա հետ մէկտեղ, կարծում եմ, որ որքան էլ բարեկամ պետութիւնները շահագրգռուած լինեն գործընթացի դրական հանգուցալուծման մէջ, չեն կարող անել այն, ինչ ի զօրու են անել մեր երկու ժողովուրդները: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի այս ուղերձը դրականօրէն գնահատուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի կողմէ: Տաւութօղլու , որ տակաւին մէկ օր առաջ մեղադրած էր Հայաստանի իշխանութիւնները՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացին հանդէպ «բարի նպատակներ չցուցաբերելու» համար, Անգարայի մէջ երէկ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ուղերձը նկատած է «դրական» քայլ: Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին համոզում յայտնած է, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը, Թուրքիոյ նախագահին վրայ գործադրուող ճնշում է, թերեւս նոյնիսկ զգուշացում՝ գործընթացի ձգձգման գծով «համբերութիւնը հատնելու վերաբերեալ»:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՀԵՏ ԿԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԻ ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ ամերիկահայ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն միջեւ Երեքշաբթի, Փետրուար 9ին կայանալիք հանդիպումը յետաձգուած է, մայրաքաղաք Ուաշինկթընը հարուածած ձիւնամրրիկին պատճառով: Այս տեղեկութիւնը հաղորդած արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդիպման նոր թուական մը չէ ճշդած:
 Յետաձգումը առիթ մըն է նախարարութեան, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկէ հրաւիրեալներուն ցանկը, որ քննադատուած էր միակողմանի ըլլալուն պատճառով: Արդարեւ, հրաւիրեալներուն մեծ մասը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն նեցուկ կանգնող կազմակերպութիւններ էին:
 Հրաւիրեալներու ցանկին անարդար բաղադրութեան բացայայտումէն ետք, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան դիմած էր նախարար Քլիթընի, որ վերատեսութեան ենթարկէ հրաւիրեալները, քննադատելով այն իրողութիւնը, որ հրաւիրեալներուն մեծամասնութիւնը կը ներկայացնեն Ուաշինկթընի ներկայ քաղաքականութեան նեցուկ կանգնողները, որոնք ամերիկահայութեան մէջ փոքրամասնութիւն մըն են: «Նման հրաւէր մը չի նպաստեր ամերիկահայութեան հետ անկեղծ ու երկկողմանի հաղորդակցութիւն հաստատելու կառավարութեան նպատակին, եւ ոչ ալ ամերիկահայութեան ձայնը Ուաշինկթընի վեռնախաւին լսելի դարձնելու հայկական համայնքի փափաքին», գրած էր Խաչիկեան:
 Նախնական ցանկին վրայ կային Ամերիկայի հայկական համագումարը, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերը, ՀԲԸՄը, Վարդանի Ասպետները եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ԴՊՐՈՑԻ ՄԱՍԻՆ Կ՝ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՏԻԿԻՆ ՆԻՄԵԹ ՉՈՒՊՈՒՔՉՈՒ։
 Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Նիմեթ Չուպուքչու, թրքական «Զաման» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին փափաք յայտնած է՝ Թուրքիոյ դպրոցներէն մէկը կոչել Հրանդ Տինքի անունով։ Ի պատասխան «Զաման»ի՝ «Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք այն հնարաւորութեան, որ Թուրքիոյ դպրոցներէն մէկը կոչուի խտրականութեան զոհ դարձած Հրանդ Տինքի անունով» հարցումին, Չուպուքչուն յայտարարած է. «Շատ լաւ կ՛ըլլայ, եւ բնականաբար՝ նման բան կրնայ ըլլալ։ Հրանդը մարդ մըն էր, զոր ես շատ կը սիրէի, եւ որուն կորուստը ինծի մեծ ցաւ պատճառեց։ Կը կարծեմ, որ ատիկա մեծ կորուստն էր նաեւ Թուրքիոյ համար։ Ի հարկէ, ինչո՞ւ չէ: Շատ լաւ միտք է։ Եթէ նման բան տեղի ունենայ, դպրոցի բացումը միասին պիտի ընենք»։Անցեալ տարի Պոլսոյ քաղաքապետարանը մերժած էր «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան մօտերը գտնուող փողոցը վերակոչել Հրանդ Տինքի անունով։







All the contents on this site are copyrighted ©.