2010-02-09 13:40:03

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիանէ –


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիանէ –

Հնազանդ ժողովրդապետը կը վերադառնայ Արս…



Տէր Վիաննէ, հնազանդ զաւակի մը պէս չուշացաւ կատարելու իր եպիսկոպոսին փափքը: Շաբաթ մըն է որ թողած է Արսը: ժամանակն է տուն գալու: Հիմա վստահ է. Աստուած կ’ուզէ որ Արս մնայ եւ ոչ ուրիշ տեղ: Տէր Ռէմոն պատգամաւոր մը կը ղրկէ Արս, թէ իրենց վարդապետը ետ կու գայ: Լուրը արագ կը ծաւալի: Գաթերին Լազան կը գրէ.

-Ամէնքը կը վազէին, բանուորները կը ձգէին իրենց աշխատանքը, ցորեն հարողները կը թողէին ցորեն զարնելը, որ գան տեսնեն վարապետին հասնիլը: Մէկ վայրկեանի մէջ, հրապարակը լեցուեցաւ արսեցիներով, որոնք չէին գիտեր ինչպէս յայտնել իրենց ուրախութիւնը եւ յուզուած արցունք կը թափէին: Խօսող չկար, այլ ամէնքը անոր առջեւ ծունկի կու գային եւ իր օրհնութիւնը կը խնդրէին:

Հրապարակի շրջանն ըրաւ, Տէր Ռէմոնին կռթնած եւ եպիսկոպոսի մը պէս օրհնեց ժողովուրդը: Կը ժպտէր, երջանիկ էր եւ կ’ըսէր.

-Կարծես ամէն բան կորսուած էր, հիմա գտնուեցաւ:

Սեպտ. 19 էր: Յաջորդ առտու, ժամը մէկին ելաւ քահանայատունէն ու եկեղեցի մտաւ: Ամէն բան դարձեալ սկսաւ:

Սակայն Տէր Ռէմոն հետզհետէ աւելի յաճախ կու գայ օգնելու Տէր Վիաննէի: 1854ին Գերպ. Տեվի կը հաւանի որ մնայուն կերպով հաստատուի Արս: Տարի մը պիտի մնայ:

Շուտով իր հրամայական եւ անզիջող նկարագիրը անհաճոյ անցաւ արսեցիներուն եւ Վիաննէի, բայց ինք միշտ պաշտպանեց իր օգնականը:

Երբ Տէր Ռէմոն ձգեց Արսը, Տէր Վիաննէ խոստովանեցաւ Գաթերինին.

-Քիչ մը նեղեց զիս…

Տէր Ռէմոն 1853ին ժողովրդապետ նշանակուեցաւ ուրիշ գիւղի մը: Անոր փոխան նոր եպիսկոպոսը՝ Տէր Շալանտոն, Արս ղրկեց Տէր Թոքանիէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.