2010-02-09 13:32:58

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց Ռումանիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասէն խումբ մը առաջնորդներ եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Փետրուար 8-ին եւ 9-ին Վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ ծովու առաքելութեան պատասխանատուներու տարեկան ժողովը։

Անոնք կը ներկայացնեն Հիւսիսային Ամերիկայի, Լատինամերիկայի, Եւրոպայի, Ափրիկէի , Ասիոյ եւ Ովկեանեայի ծովու առաքելութեան պատասխանատուները։ Յայտնենք թէ ծովու առաքելութիւնը հիմնուեցաւ 90 տարի առաջ։



ֆրանսա-Ս. Գիրքի շրջուն ցուցահանդէսը

8-12 Փետրուար 2010, ֆրանսայի Ս. Գիրքի Դաշնակցութիւնը Փարիզի ՜՜Ունեսքօ՝՝ կեդրոնին մէջ կը ներկայացնէ Ս. Գիրքի շրջուն ցուցահանդէսը, հետեւեալ բնաբանով. ՜՜Աստուածաշունչը, մարդկութեան ժառանգութիւն՝՝։

Ցուցահանդէսը նուիրուած է թէ հաւատացեալ եւ թէ ոչ հաւատացեալ անձերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.