2010-02-09 13:41:52

Արամ Ա կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ երանաշնորհ հայրապետներուն եւ բարեյիշատակ միաբաններուն հոգեհանգիստ Անթիլիասի մէջ։


Արամ Ա կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ երանաշնորհ հայրապետներուն եւ բարեյիշատակ միաբաններուն հոգեհանգիստ Անթիլիասի մէջ։

Կիրակի, 7 փետրուար 2010-ին, երջանկայիշատակ՝ Զարեհ Ա հայրապետի յիշատակին կանգնած յուշարձան-դամբարանին մէջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ՝ Արամ Ա կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն մը, հայրապետական Ս Աթոռի երանաշնորհ բոլոր հայրապետներուն, ինչպէս նաեւ բարեյիշատակ միաբաններուն հոգիներուն համար։

Մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ պատարագի աւարտին, վեհափառին գլխաւորութեամբ, միաբան հայրերէ ու դպրեվանքի սաներէ բաղկացած թափօրը յառաջացաւ դէպի կաթողիկոսարանի հիւսիսային կողմը, ուր կը հանգչին կաթողիկոսութեան նոր շրջանի՝ անթիլիասական ժամանակահատուածի երախտաւորները։ Հաւատացեալները իւրաքանչիւր հանգուցեալ հայրապետի շիրիմին առջեւ խունկ ու աղօթք բարձրացուցին։ Վեհափառը աւարտեց աղօթական բաժինը հոգեհանգիստին։ Ապա, հայոց հայրապետներու սիրած Կիլիկիա մաղթերգով . եզրափակուեցաւ տարեկան յիշատակի այս պահը, որուն մասնակից դարձաւ ներկայ ամբողջ ժողովուրդը։












All the contents on this site are copyrighted ©.