2010-02-09 12:46:42

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ կ՝ ԱՅՑԵԼԷ ԲՐԻՏԱՆԻԱ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԼԱՆՏԱ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր 9 փետրուար եռօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Բրիտանիա եւ Հիւսիսային Իրլանտա։ Անոր կ՝ընկերակցին Ամենայն Հայոց Գարգեին Բ. կաթողիկոսը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, եւ Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեան։Կը նախատեսուի, որ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ ունենայ Էլիզապեթ Թագուհիին, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարին եւ Չարլզ Իշխանին հետ։ Նախագահը նաեւ պիտի մասնակցի ՝՝Երեւան՝ Իմ Սէր՝՝ ծրագիրի մեկնարկի պաշտօնական ընդունելութեան, նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ սփիւռքահայերու հետ։Այս ծիրին մէջ ան նաեւ ելոյթ պիտի ունենայ քաղաքական հարցերով եւ պիտի մասնակցի Արշիլ Կորքիի նուիրուած ցուցահանդէսի բացման։ Ինչպէս երէկ հաղորդեցինք Փետրուար 10ին ՝՝Երեւան Իմ Սէր ՝՝ ու Սկովտիոյ ՝՝Տամֆրիզ Հաուս՝՝ ծրագիրներուն համար դրամահաւաքի պատմական երգահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ Բրիտանիոյ Թագաւորական Ուինզըր Դղեակին մէջ,հիւրընկալութեամբ Չարլզ Իշխանին եւ Փրոֆ. Արմէն Սարգիսեանի։
ՆԱԽԱԳԱՀՆ ՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԲԱԶՄԻՑՍ ԱՐՏԱՅԱՅՏԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ (ԿԸՍԷ ՏԻԳՐԱՆ ԲԱԼԱՅԵԱՆ)։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի պաշտօնակատար Տիգրան Բալայեան ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանին խնդրանքով խօսած է 4 մարտին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցչական Տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 252 բանաձեւի քուէարկութեան մասին։ Բալայեանի համաձայն, Հայաստանի նախագահը ու արտաքին գործոց նախարարը բազմիցս եւ զանազան առիթներով արտայայտած են Հայաստանի դիրքորոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային ճանաչման մասին՝ հաստատելով, որ ինք աւելցնելիք ոչինչ ունի։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱՊԷՍ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ ԿԸ ՄԻԱՆԱՆ ՌԱՔԵԼ ՏԻՆՔԻ։
Երկուշաբթի, Փետրուար 8ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը շարունակուեցաւ Պոլսոյ մէջ , բաւական երկար ընդմիջումէ մը ետք, եւ ինչպէս կ՛ակնկալուէր, նիստը եւ դատարանին առջեւ տեղի ունեցած ցոյցը նախկիններէն աւելի փոթորկոտ ու աղմկալի էին, որովհետեւ այս անգամ ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ «ընդյատակեայ պետութեան» ահաբեկչութեանց այլ զոհերու ընտանեկան պարագաներն ու բարեկամները, որոնք դատապարտեցին նման ոճիրներու պատասխանատուները անպատիժ ձգելու Անգարայի կեցուածքը: Կիրակի օր, թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ այս մասին կարեւոր յօդուած մը ունէր յայտնի լրագրող Ճենկիզ Չանտար, Տինքի Դատավարութեան ու Մեհմետ Ալի Աղճայի մասին, որ 30 տարի առաջ կը սպաննէր ծանօթ թուրք լրագրող ու մտաւորական Ապտի Իփեքճին,ապա Հռոմի մէջ ծանրապէս կը վիրաւորէր երջանկայիշատակ ՅՊԲ.ը։ Ապտի Իփեքճիի սպաննութիւնն ալ մինչեւ օրս չէ բացայայտուած։ Այսպէս Թուրքիոյ մէջ նախապէս սպաննուած անձերու ընտանիքներուն անդամները այժմ որոշած են իրենց ձայնը միացնել Հրանդ Տինքի դատավարութեան, ու զայն դարձնել խորհրդաւոր մահափորձերու դէմ բողոքի ու պահանջատիրութեան բեմահարթակ»։ Երկուշաբթի օրուան հաւաքին ներկայ եղած են Ապտի Իփեքճիի դուստրը Նիւքհեթ Իփեքճին, փրոֆ. Մուամմեր Աքսոյի որդին, դատախազ Տողան Էօզի կողակիցը, Ուղուր Մումճուի մերձաւորները, այսինքն՝ քաղաքական ոճրագործութեանց զոհերու շատ ընդարձակ ընտանիք մը։Լրագրող Չանտարի համաձայն, այս իրականութիւնը կրնայ շատ բան փոխել դատավարութեան գնացքին մէջ, իսկ ոճրագործները բացայայտելու պայքարը շատ աւելի ազդու կը դառնայ, եթէ գլխաւոր թերթերու խմբագիրները եւս ներկայ գտնուին այս դատավարութեան։Չանտար դիտել կու տայ, որ Տինքի ոճիրը Տրապիզոնի մէջ խումբ մը ազգայնապաշտ պատանիներու մէկ որոշումին հետեւանքը չէր։







All the contents on this site are copyrighted ©.