2010-02-09 12:40:19

2010 ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ ՝՝ ՀԱՅ ԿԻՆԸ ՈԸՊԷՍ ՄԱՅՐ՝՝ ։


2010 ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ ՝՝ ՀԱՅ ԿԻՆԸ ՈԸՊԷՍ ՄԱՅՐ՝՝ ։

Հայ կինը որպէս մայր եզակի կարեւորութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի մտածողութեան ու կեանքին մէջ։ Նախաքրիստոնէական շրջանէն սկսեալ, հայ ժողովուրդը չաստուածուհիներու մէջ տեսած է հայ մօր տիպարը, որպէս աղբիւր, կեցուցիչ, շունչ եւ կենդանութիւն Ագաթանգեղոս ազգին յաւերժութեան։ Հայ ժողովուրդը հայ կինը ուզած է տեսնել էապէս ու գերազանցօրէն որպէս մայր՝ մայրութիւնը վերածելով գերագոյն ու սրբազնագոյն առաքինութեան։ Հայ մայրը ո՛չ միայն աղբիւր է եղած բեղմնաւորման ու պտղաբերութեան, այլ նաեւ օրինակ՝ անձնազոհութեան, ծառայութեան եւ հաւատարմութեան։ Հայ կնոջ տիպարը որպէս մայր մեր ժողովուրդին համար նկատուած է այնքան նուիրական, որ մեր ազգային անփոխարինելի արժէքները մայր բառով որակած է՝ Մայրենի լեզու, Մայր Հայաստան, Մայր եկեղեցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.