2010-02-08 14:01:27

Ս ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՆԱՐԵԿ ԱՂՕԹԱՄԱՏԵԱՆԻ ՀՆԱԳՈՅՆ ՁԵՌԱԳԻՐԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ


Ս ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՆԱՐԵԿ ԱՂՕԹԱՄԱՏԵԱՆԻ ՀՆԱԳՈՅՆ ՁԵՌԱԳԻՐԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

Գրիգոր Նարեկացիի Ողբերգութեան Մատեանը իր բուռն զեղումներով, իր բազմադիմի երեւակայութեամբ եւ ջերմ հաւատքի անկեղծ արտայայտութեամբ, մեր բանաստեղծութեան առաջին մեծ հրաշակերտութիւնը ըլլալով՝ ո՛չ միայն հրաշալիք է երեւցած մեր ժողովուրդի աչքին, այլեւ՝ հրաշագործ զօրութեամբ սրբութիւն մը։ Դարեր շարունակ ժողովուրդին հաւատքով ան բուժիչ զօրութիւն է ունեցեր եւ բուժիչ է եղած ո՛չ միայն հոգեւոր, այլեւ մարմնական ցաւերու։

2009-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հրատարակեց Ս Գրիգոր Նարեկացիի Նարեկ աղօթամատեանի հնագոյն ձեռագիրը՝ արծաթապատ եզակի հատոր մը, նուիրուած ձեռագիրի գրութեան հազարամեակին։ Սոյն հրատարակութեան անդրանիկ շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ, Բերիոյ հայոց թեմի Հալէպ քաղաքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թեմի առաջնորդ Շահան եպս Սարգիսեանին, նախաձեռնութեամբ Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Ս Գիրքի սերտողութեան յանձնախումբին, հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2009-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին։

Սուրբ Գիրքի սերտողութեան յանձնախումբին անունով բացման խօսք արտասանեց Մարինա Պօղիկեան։ Ան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ մեծ տեղ գրաւած հոգեւոր գրականութեան դերին, ապա յայտնեց, թէ մեր նախնիները փարելով Նարեկ աղօթամատեանին՝ անոր մէջ գտած են իրենց հոգիի անկեղծ արտայայտութիւնն ու պաղատանքը առ Աստուած։

Նարեկ աղօթամատեանի հնագոյն ձեռագրի հրատարակութիւնը ներկայացուց թեմի առաջնորդը։ Խօսելով սուրբի կեանքին ու գործունէութեան մասին՝ սրբազան հայրը լուսարձակի տակ առաւ Ս Նարեկացիի ստեղծագործութիւններն ու կեանքի աստիճանական զարգացման ընթացքը՝ հետեւեալ ենթաբաժանումներով ա- Երգ երգոցի մեկնութիւնը՝ գրուած վանականի երիտասարդ օրերուն, բ- ներբողներ ու ճառեր՝ սուրբերուն եւ Ս Խաչափայտին նուիրուած, գ- տաղեր ու գանձեր՝ աստուածային խորհուրդները պարզաբանող, եւ վերջապէս, դ- Ողբերգութեան մատեանը, որ կը համարուի Նարեկացիի գլուխ գործոցը։ Անոր մէջ Ս Նարեկացին ստեղծագործած է մեծ թիւով հայերէն նոր բառեր, արտայայտելով իր հոգիի թաքուն ծալքերը։

Նարեկ աղօթամատեանը աղօթքի գանձարան մըն է, որ երկինքի դռները կը բանայ, գանձարան մը, որ (սուրբին բառերով) աներեւոյթ անտեսանելի հիւանդութիւններուն բժշկութիւնն է, դիտել տուաւ սրբազան հայրը։

Ձեռագիր մատեանը նկարագրելով՝ սրբազան հայրը յայտնեց, թէ ան իր հնութեամբ, 150 ընդօրինակուած օրինակներէն կարեւորագոյնը հանդիսանալու հանգամանքով եւ իր պարունակած իմաստալից մանրանկարներով մեծ արժէք կը ներկայացնէ։ Սրբազան հայրը նաեւ ներկայացուց Ս Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանին հայ եւ օտար լեզուներով հրատարակուած զանազան գիրքերը, ինչպէս նաեւ մատնանշեց, թէ Ս Նարեկացիի աղօթքները, գանձերն ու տաղերը Հայ եկեղեցւոյ արարողութեանց մաս կը կազմեն։

Սրբազան հայրը նշեց, թէ նորատիպ գիրքի արծաթապատ կազմը պատրաստուած է հալէպահայ արուեստագէտ Յովհաննէս Գալեմքերեանի ձեռամբ, իսկ ձեռագրի նմանահանումն ու պատրաստութիւնը կատարուած է մասնագէտներու հմուտ աշխատանքով։ Հրատարակութեան ծախսերը հոգացած է ազգային բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան։

Եզրափակելով՝ առաջնորդ սրբազան հայրը ըսաւ. Ս Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեան Նարեկը երկխօսութիւն մըն է մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ։ Ան կենդանի յարաբերութիւն կը ստեղծէ Աստուծոյ հետ։

Ապա պաստառի վրայ ցոյց տուաւ ձեռագիր մատեանին մէջ գտնուող այն չորս մանրանկարները, որոնք կը ներկայացնեն Ս Գրիգոր Նարեկացիի կեանքի չորս հանգրուանները՝ խորհրդածութեան պահը, աղօթքի արթուն վիճակը, զղջումի պահը եւ հաւատքին մէջ վերահաստատուելու վիճակը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.