2010-02-08 13:53:15

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը ։

Երկուշաբթի 8 փետրուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

Ռումանիոյ եպոսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսները` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Ընտանիքի քահանայապեատական խորհուրդի լիանիստ 19րդ ժողովին մասնակցողները, թիւով 150 հոգի։

Սրբազան Քահանայապետը իր արտասանած ճառին մէջ ըսաւ. ՜՜Եկեղեցին դարերէ ի վեր, հետեւելով Յիսուսի օրինակին, պաշտպանը կը հանդիսանայ զանազան եղանակներով մանուկներու իրաւունքներուն եւ արժանաւորութեան, ինչպէս նաեւ մեծ հոգատարութեամբ կը խնամէ զանոնք։

Յիսուս ներկայացուց մանուկը որպէս ճշմարիտ տիպար ՜՜երկինքի Արքայութեան՝՝ արժանանալու համար։ Ինչպէս նաեւ խստիւ դատապարտեց անոնք որոնք գայթակղութիւն կու տան անոնց։

Ապա Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց միշտ յարգելու եւ սիրելու մանուկները։

Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ Ս. Աթոռը նպաստաւոր կերպով ընդունեց ՄԱԿի մանուկներու համաձայնագիրը, որ կը ներփակէ մանուկներու որդեգրութիւնը, առողջապահութիւնը, դասիրակութիւնը, անկարներու պաշտպանութիւնը եւ մանուկներու պահպանումը բռնութենէն, ու զանազան տեսակի շահագործումներէն։

Ունկնդրութեան սկիզբը կարտինալ Անթոնելլի Սրբազան Քահանայապետին պարզեց վերոյիշեալ խորհուրդին գործունէութիւնը։

Յայտնենք թէ ՜՜Ընտանիքի քահանայապեատական խորհուրդի՝՝ լիանիստ 19րդ ժողովը եռօրեայ ժողով կը գումարէ Վատիկան, ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթ մանկութեան իրաւունքը։

Կարտինալ Անթոնելլի որպէս նախագահը վերոյիշեալ խորհուրդին բացումը կատարեց ժողովականներուն ներկայացնելով՝ 2009ին, Մեքսիքօ գումարուած ՜՜Ընտանիքի համաշխարհային 6րդ օրուան աշխատանքներու արդիւները՝՝։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Վատիկանի մէջ գիտաժողով ՜՜համամիութենական երկխօսութեան 40 տարիներու պտուղը՝՝ նիւթին մասին։

Ժողովին կը մասնակցին կաթողիկէ, լութերական, անկլիգան, վերանորոգիչ եւ մեթոտական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, նախագահութեամբ՝ կարտինալ Քասբերի, որ վերջերս հրապարակած է հատոր մը ''Պտուղներու քաղուածք'' վերտառութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.