2010-02-08 13:12:45

 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՄԱՅԻՍ 23ԻՆ։
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 5ին ստորագրած է հրամանագիր մը, ըստ որուն Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2010ի Մայիս 23ին: Նշենք որ այս խորհրդարանական ընտրութիւններուն 33 պատգամաւորներէն 17-ը պիտի ընտրուի համամասնական, իսկ 16ը՝ մեծամասնական ընտրակարգով: Փետրուար 5ին մասնակցութեամբ ԼՂՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սերգէյ Նասիբեանի, Ղարաբաղի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները քննարկած են ընդունուած «ԼՂՀ ընտրական օրէնսգրքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքին նախագիծը: Լսումներուն ժամանակ տեղեկացուած է նաեւ, որ նուազած է կուսակցութիւններուն՝ խորհրդարան մտնելու համար սահմանուած ձայնին տոկոսը։ Նախապէս խորհրդարան մտնելու համար կուսակցութիւնը պէտք է հաւաքէր 10 տոկոս ձայն, իսկ կուսակցութիւններու դաշինքը՝ 15: Այժմ, խորհրդարանական ընտրութուններուն իբրեւ արդիւնք, կուսակցութիւն մը ԱԺ կրնայ մտնել առնուազն 5 տոկոս ձայնով, իսկ կուսակցութիւններու դաշինքը՝ 7 տոկոս: Այս փոփոխութեամբ(ըստ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանի) հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի աւելի ներկայացուցչական խորհրդարան մը ունենալու:
ԼՈՆՏՈՆ։ ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍԿՈՎՏԻՈՅ Ի ՆՊԱՍՏ։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 10ին, Հայաստանի «Երեւան իմ սէր» ու Սկովտիոյ ՝՝Տամֆրիզ Հաուս» ծրագիրներուն համար դրամահաւաքի պատմական երգահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ Բրիտանիոյ թագաւորական Ուինծըր դղեակին մէջ, հիւրընկալութեամբ Կալեսի Չարլզ իշխանի եւ փրոֆ. Արմէն Սարգիսեանի: Հայաստանի նախկին վարչապետ, փրոֆ. Արմէն Սարգիսեան կը յայտնէ, թէ զոյգ ծրագիրներուն նպատակն է՝ վերաշխուժացնել քաղաքային տարածքները, միաժամանակ պաշտպանելով շրջաններուն մշակութային ժառանգութիւնը: Սարգսեան այս նպատակներուն հասնելու համար մօտէն կը գործակցի Չարլզ իշխանին հետ՝ Բրիտանիա-Հայաստան յարաբերութեանց պատմութեան մէջ այս յատկանշական ու աննախընթաց էջը գրելով:
 Ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլան շարք մը երկիրներու ներկայ եւ անցեալի ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ հանրածանօթ քաղաքական, մշակութային եւ քաղաքային դէմքեր: Հայաստանէն պիտի ըլլան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանն ու արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:  Երգահանդէսին պիտի մասնակցին աշխարհահռչակ խմբավար Վալերի Կերկիեւ, երգչուհի Տարիկա Նազարպաեւա, ջութակահար Միքայէլ Սիմոնեան, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Հայաստանի Ազգային երիտասարդական նուագախումբի խմբավար Սերգէյ Սմբատեանի: ՝՝Երեւան Իմ Սէր» ծրագրին նպատակն է վերականգնել Երեւանի պատմական շրջանները, պահպանելու համար անոր երեք հազարամեայ պատմութիւնը, միաժամանակ զանոնք դարձնելով արդի քաղաքին աշխոյժ թաղամասերը: Ծրագիրը նաեւ ունի ընկերային երես մը, որուն շնորհիւ կազմակերպիչները պիտի փորձեն երեխաներու եւ յատկապէս որբերու ու չքաւորներու կեանքին մակարդակը բարելաւել: Այս առումով, առայժմ նկատի առնուած են Երեւանի Կոնդ ու կեդրոնական շրջաններու մէջ գտնուող երկուքական տարածքներ: Վերակառուցուող շէնքերէն մէկը պիտի ըլլայ խուլերու եւ համրերու յատուկ նախակրթարան մը եւ երիտասարդական կեդրոն մը, իսկ երկրորդ շէնքը պիտի տրամադրուի ամուսին չունեցող կիներու ու երեխաներու: Մնացեալ երկու կառոյցները պիտի տրամադրուին որբերու եւ չքաւորներու երաժշտանոց մը մէջտեղ բերելու նպատակին: Երաժշտանոցը պիտի ղեկավարէ աշխարհահռչակ դուդուկահար Ճիւան Գասպարեանը:Իսկ «Տամֆրիզ Հաուս» ծրագրին նպատակն է՝ վերականգնել 1750ական թուականներուն Սկովտիոյ մէջ կառուցուած խնդրոյ առարկայ կառոյցը, զայն վերածելով զբօսաշրջային կեդրոնի մը: Կազմակերպիչները կը յուսան, որ այս ծրագրին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ոչ միայն պահպանել պատմական մեծ կարեւորութիւն ունեցող այդ կառոյցը, այլ նաեւ բարելաւել հարաւարեւմտեան Սկովտիոյ մէջ գտնուող այդ շրջանի ընկերատնտեսական վիճակը:
ՀԱԿԻՐՃ ԼՈՒՐԵՐ ։Թուրքիոյ կրթութեան նախարարը "Զաման" օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին փափաք յայտնած է Թուրքիոյ դպրոցներէն մէկը կոչել Հրանդ Տինքի անունով։ "Սապահ" օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Տիարպեքիրի քիւրտ քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր հայերէն ներում հայցած է։ - Հայաստան կը մասնակցի ՄԱԿ-ի ընկերային զարգացման յանձնախումբի նստաշրջանին։
ԵԽԽՎ Թուրքիան Կը յորդորէ իրաւաբանօրէն ճանչնալ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը։ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) սկսած է քննարկել Թուրքիոյ ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններու եւ Յունաստանի թուրք մահմետական փոքրամասնութիւններու կրօնական ազատութիւններու ու մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ ֆրանսացի պատգամաւոր Միշել Հիւնոյի զեկոյցը։ Ըստ թրքական ՝՝Զաման՝՝ լրատուամիջոցին, երկու երկիրներու հասցէին լուրջ քննադատութիւն պարունակող զեկոյցին մէջ ըսուած է, թէ երկու երկիրներն ալ չեն կատարեր կրօնական փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ ԵԽԽՎի պահանջները։ Զեկոյցին մէջ կ՛առաջարկուի, որ այս երկիրներուն մէջ ազգային փոքրամասնութիւններուն հանդէպ վերաբերմունքը դիտարկուի Մարդու իրաւունքներու համա-եւրոպական համաձայնագրի պահանջներուն համաձայն, այլ ոչ թէ առաջնորդուի առանձին իրաւունքներէ հրաժարելու՝ Լոզանի Պայմանագրի փոխադարձութեան սկզբունքով։ Փոխադարձութեան կէտի կիրառումը անհրաժեշտ է յատկապէս փոխ յարաբերութիւններու մէջ հարցեր ունենալու պարագային։ Զեկոյցին մէջ երկու երկիրներուն ուղղուած է կոչ՝ քայլեր ձեռնարկելու կրօնական փոքրամասնութիւններու կրթական եւ սեփականութեան հարցերու լուծման ուղղութեամբ։ ԵԽԽՎն թրքական իշխանութիւնները կը յորդորէ իրաւաբանօրէն ճանչնալ Պոլսոյ Հայաստանեաց Առաքելական, Յունական, Պուլկար Ուղղափառ եւ այլ Եկեղեցիներու Պատրիարքարանները։







All the contents on this site are copyrighted ©.