2010-02-07 14:14:17

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, փետրուար 7, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։



Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այս կիրակի օրուայ Աւետարանի մէջ, Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ նետերը ծով նետել, որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը պէտք է տարածել աշխարհի չորս ծագերը։

Որպէս Քրիստոսի աշակերտներ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մեկդի թողունք մեր մարդկային համաոզումները ու Յիսուսի ետեւէն գալենք ու քարոզենք Յիսուսի Աւետարանը մերձաւորին թէ խօսքով եւ թէ մեր բարի վկայութեամբ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Քահանայական այս տարուան ընթացքին, թող Ս. Հոգւոյ զօրութիւնը առաջնորդէ եւ ուրախութեամբ լիացնէ անոնք որոնք յօժատակամ կը հետեւին Յիսուսի կանչին։

Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, քահանաներու մայրը, առաջնորդէ քահանաները։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի ու բարի շաբաթ մը։



Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին աւարտին Սրբազան հայրը յիշեցուց թէ այսօր` կիրակի փետրուար 7, Իտալիոյ մէջ կը յիշատակուի ''կեանքի օրը'', սիրով կը միանամ Իտալիոյ եպիսկոպոսներուն ու անոնց ուղղած պատգամին, որուն բնաբանն է. ''կեանքի զօրութիւնը, ի գին աղքատութեան մարտահրաւէրին''։ Արդարեւ ոչ ոք տէր է իր կեանքին։ Ամէնքս կանչուած ենք պահպանելու ու յարգելու զայն, սաղմէն մինչեւ բնական մահը։

Այս արթիւ կ'ուզեմ իմ գնահատանքը յայտնել բոլոր անոնց որոնք կը նուիրուին մանուկներու, հիւանդներու ու ծերերու ի սպաս։

Ապա Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ փետրուար 11-ին, տօնը Լուրտի Տիրամօր եւ հիւանդին օր, այդ առթիւ հիւանդներուն համար ս. պատարագ կը մատուցանեմ ս. Պետրոսւի մէջ։



իսկ այժմ լեսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.