2010-02-07 14:14:37

Լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն


ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԵԱՄԲ ՏԷՐ ԶՕՐԸ Կ'ՈՒՆԵՆԱՅ ԻՐ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ



Նկատի ունենալով Տէր Զօրի ներկայացուցած յատուկ կարեւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս ազգային պահանջատիրութեան մէջ, շուրջ ութ տարիներ առաջ, Արամ Ա կաթողիկոս Տէր Զօրը հռչակած էր համազգային ուխտատեղի։ Այս առիթով վեհափառը կոչ ուղղած էր մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուխտի երթալու հոն՝ վերանորոգելու իրենց հաւատարմութիւնը մէկուկէս միլիոն նահատակներու նուիրական կտակին։

Արդարեւ, Տէր Զօրի նկատմամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ցուցաբերած յատուկ նախանձախնդրութեան իբրեւ գործնական արտայայտութիւն, կաթողիկոսութիւնը յատուկ ուղեգիծ մը ճշդեց Տէր Զօրի կարեւորութիւնը աւելի շեշտելու եւ հոն կատարուող ուխտագնացութիւնները աւելի կազմակերպելու հեռանկարով, եւ փոխանցեց զայն Բերիոյ հայոց թեմին, առ ի գործադրութիւն։



ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ



ԽԱՉՔԱՐԵՐՈՒ ՎԱՐՊԵՏ ՎԱՐԱԶԴԱՏ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ Է

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Խաչքարերու վարպետ Վարազդատ Համբարձումեան Մշակոյթներու երկխօսութիւն աշխարհը արուեստի միջոցով խորագիրով միջազգային ցուցահանդէսի մը ընթացքին պարգեւատրուած է Տաղանդ եւ կոչում մետալով։ Ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ՝ Խաղաղարար համաշխարհային բարեգործական դաշինքի հովանիի տակ։

Քանդակագործը նշած է, որ՝ ցուցահանդէսին մասնակիցները իրենց աշխատանքներուն ճամբով կը ներկայացնէին իրենք զիրենք, իսկ ես՝ մեր պատմութիւնը։

Նշենք, որ ցուցահանդէսին ներկայ գտնուած են բարձրաստիճան հիւրեր՝ Իտալիայէն եւ Ֆրանսայէն։

Յիշեցնենք, որ ապրիլին քանդակագործը պիտի մասնակցի Քանատայի հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ իր ստեղծագործութեամբ խաչքարի տեղադրման արարողութեան։ Յայտնենք, որ ասկէ բացի, Համբարձումեանի խաչքարերը պիտի տեղադրուին նաեւ Ֆրանսայի մէջ, իսկ ամրան անիկա պիտի մասնակցի Աւստրիոյ մէջ կայանալիք այլ ցուցահանդէսի մը։



ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 130-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Վերջերս Հայաստանի Ա հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի ծննդեան 130-ամեակին առիթով կազմակերպուած է գիտաժողով մը՝ Կապանի քաղաքապետարանի կեդրոնին մէջ։ Գիտաժողովին ներկայացուած է Արամ Մանուկեանի գործունէութիւնը՝ շեշտելով, որ ան ծնած է Կապանի Զէյվա-Դաւիթ Բէկ գիւղը, եւ ոչ թէ՝ Շուշիի։ Նշենք, որ գիտաժողովին նիւթերը լոյս տեսած են 300 օրինակով, Բանբեր Գորիսի պետական համալսարանի գիտական ամսագիրին մէջ։

Յայտնենք նաեւ, որ քաղաքական ակնառու գործիչ Արամ Մանուկեանի յիշատակը վառ պահելու համար գիւղին դպրոցը կոչած են անոր անունով, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի շէնքին դիմաց տեղադրած են անոր արձանը՝ Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Լեւոն Թոքմաճեանի հեղինակութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.