2010-02-06 13:16:00

Լուրեր հայ աշխարհէն


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Խորհրդարանական ընտրութիւնները 23 մայիսին-

Լ Ղ Հ ի նախագահ' Բակօ Սահակեան հրամանագիր մը ստորագրած է 23 մայիս 2010-ին խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու մասին։Խորհրդարանական նախորդ ընտրութիւնները Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած են 2005ին։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընտրութիւնները կը կատարուին թէ՛ համամասնական, թէ՛ մեծամասնական ընտրակարգով։

Կռունկը ճանչցուեցաւ որպէս Հայաստանի 2010ի թռչուն

Կռունկը ճանչցուեցաւ 2010 թուականի թռչուն Հայաստանի մէջ, ըստ Փանարմինիանի հաղորդումին։ Այս արդիւնքին հասաւ հասարակական կարծիքը, երբ հարցախոյզ մը կատարուեցաւ Հայաստանի թռչունների պաշտպանութեան միութեան (ASPB) կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ։ Հարցախոյզը կազմակերպուեցաւ LOLO մանկապատանեկան ամսագրի աջակցութեամբ, Երեւանի եւ այլ բնակավայրերու մէջ, հոն ուր կը գտնուին առանցքային թռչնաբանական տարածք։

Հարցումը ուղղուած է 1025 մարդոց։ Ի օգուտ կռունկի արտայայտուած է 481 մարդ (ձայներու 47% տոկոսը)։ Հայաստանի մէջ կռունկը բացարձակ հազուագիւտ թռչուն է։ Անոնք ընդհանրապէս կայք կը հաստատեն հանրապետութեան հիւսիսը եւ հիւսիս-արեւմուտքը։ Կռունկներու բնակչութեան թիւի նուազումը տագնապի մատնած է թռչունի ապահովութեան հսկող միութիւնները։ Վերջին տուեալներուն համաձայն Արփի լճի մօտակայքին այդ թռչուններէն մնացած է ընդամէնը 2-6 զոյգ։

Հայաստանի մէջ բնակող գորշ կռունկը վերջերս առանձին տեսակով դասաւորուեցաւ թռչնաբանական ցանկին մէջ։ Նոր ենթատեսակը կոչ-ւեցաւ Արչիպալտի կռունկ (Grus grus Archibaldi)՝ ի պատիւ ծանօթ ամերիկացի թռչնաբանին։

Գորշ կռունկը բաւական խոշոր թռչուն է։ Անոր մարմնի երկարութիւնը կը կազմէ 110-120 սմ, թեւերու բացուածքը կը հասնի 220-245ի։ Գորշ կռունկը կը հանդիպինք Սպանիա, Ֆրանսա, Մերձաւոր Արեւելք, Հիւսիսային եւ Արեւմտեան Ափրիկէ, Հնդկաստան, Չինաստանի արեւելք եւ հարաւ։ Կը բնակի կիսաանապատներու մէջ՝ ճահճային եւ խոնաւ տարածքներու վրայ։ Սովորաբար կունենայ երկու ճուտ։ Ամէնակեր է։ Գրանցուած է Հայաստանի Կարմիր գրքին մէջ, ինչպէս նաեւ Ֆլորա եւ ֆաունայի անհետացող տեսակներու միջազգային առեւտուրի վերաբերեալ համաձայնագրին մէջ (CITES)։ Այդ համաձայնագրի նպատակն է երաշխաւորել, որ վայրի կենդանիներու եւ բոյսերու առեւտուրը չվտանգէ անոնց գոյատեւումը։

ԱՄԷՆՈՒՆ ՏԱՐԵՑՈՅՑԸ (ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ԹԷՈԴԻԿ) 1916 – 1920 Ժ - ԺԴ ՏԱՐԻ Նախաձեռնութեամբ Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ Զաւէն Եկաւեանի, 2009-ին Հալէպի Կիլիկիա մատենաշարը լոյս ընծայեց Թէոդիկի տարեցոյցին 1916-1920 տարիներու միացեալ հատորը։ Սոյն հրատարակութեան աշխատանքը կատարեցին յիշեալ մատենաշարի տէր եւ տնօրէն Մաթիկ Էպլիղաթեան եւ հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեան։Պէտք է ըսել, որ Թէոդիկի ներկայ տարեցոյցը (Ժ - ԺԴ տարի) ունի ճոխ բովանդակութիւն, որուն մաս կը կազմեն հայկական կոտորածները, Եղեռնի տարիներուն, Պոլսոյ մէջ, թուրքերու հայաջինջ քաղաքականութիւնը դատապարտող օտար դեսպաններու մարդասիրական գործունէութիւնը, Կովկասի հայ քաջարի կամաւորներու ազգանուէր գործերը, եւ Թէոդիկի Յուշարձան ապրիլ տասնմէկի խորագրեալ սրտայոյզ յուշագրութիւնը։ Վերոյիշեալ վկայագրութիւններու կողքին, այլ գրութիւններ ներկայացուած են նաեւ ճաշակով եւ բծախնդրութեամբ, հարստացնելով սոյն հրատարակութիւնը՝ հայ ժողովուրդի եղերական ճակատագրին հետ առնչուած արիւնագիր վկայութիւններով։ Հատորին մէջ Թէոդիկ կ'անդրադառնայ Եղեռնի չարաշուք տարիներուն, երբ հայ գրականութեան եւ գեղարուեստի նուիրեալները զոհ գացին թրքական ոճրապարտ արարքներուն։ Կը յիշէ այն պայմանները, թէ ինչպէս Զոհրապն ու Վարդգէսը, Թլկատինցին ու Երուխանը, Վարուժանն ու Սիամանթոն եւ այլ բազում գրագէտներ տարագրուեցան իրենց ՜՜հայրենի օճախներէն ու մեկնեցան անվերադարձ ճամբով՝՝։ Միւս կողմէ՝ հեղինակը անխառն գոհունակութեամբ կը դրուատէ արժանիքը պատերազմի արհաւիրքէն ճողոպրած այն արուեստագէտներուն, որոնք բարեբախտ դիպուածով քայլ պահեցին կեանքի հոլովոյթին հետ եւ շարունակեցին բերել իրենց նպաստը՝ հայ մշակոյթին եւ հայ արուեստին։ Վերապրողներու շարքին ան կը թուէ անունները՝ Միքայէլ Շամտանճեանի ու Երուանդ Օտեանի, Արամ Անտոնեանի եւ Լեւոն Էսաճանեանի եւ այլ մտաւորականներու եւ ուսուցիչներու, որոնք այլազան միջոցներով կրցան հեռանալ Պոլսէն եւ փրկուիլ մահուան ճիրաններէն։ Յայտնենք թէ վերոյիշեալ բարեմասնութիւններով օժտուած հրատարակութիւն մըն է Թէոդիկի տարեցոյցին Ժ-ԺԴ միացեալ հատորը, որ կը փոխանցէ Եղեռնի մասին անփոխարինելի տեղեկութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.