2010-02-05 13:04:52

 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՝՝ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԲԱՐՁՐ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՋԱՆՔԵՐԸ՝՝ Կ՝ԸՍԷ ՃԷՅՄՍ ՍԹԷՅՆՊԸՐԿ։ Շրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ճէյմս Սթէյնպըրկ երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին նշած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը շատ կարեւոր է Միացեալ Նահանգներու համար, եւ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են շարունակելու իրենց աջակցութիւնը այդ գործընթացին։ Ամերիկեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ եւ այլ պաշտօնատարներ։ Ճէյմս Սթէյնպըրկ բարձր գնահատած է շրջանային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի ի գործ դրած ջանքերը եւ նախագահ Սարգսեանին փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի ջերմ ողջոյնները։ Ան նաեւ վերահաստատած է ամերիկեան կողմի պատրաստակամութիւնն ու ցանկութիւնը՝ շարունակելու աշխատանքը երկկողմանի եւ բազմակողմանի հարցերու, ներառեալ՝ շրջանային խնդիրներու շուրջ։
ԸՍՏ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՝՝ՋԱՒԱԽՔԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ՄՆԱՅՈՒՆ ԿԵՐՊՈՎ ՀԱՅ-ՎՐԱՑԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ ԵՆ՝՝ ։
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նախանցեալ օր Ազգային Ժողով-Կառավարութիւն հարցում-պատասխանի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ ՝՝Ջաւախքահայութեան խնդիրները մնայուն կերպով կը գտնուին հայ-վրացական բանակցութիւններու օրակարգին վրայ՝՝։ Ան նշած է, որ առաջին համաձայնութիւնը այն է, որ մենք այսուհետեւ կասկածամտութեամբ պիտի չնայինք այն հանգամանքին, որ հայկական դպրոցներու հայոց լեզուի ուսուցիչներուն նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը առանձնակի մօտեցում պիտի ունենայ եւ անոնց համար վերապատրաստման դասընթացքներ պիտի կազմակերպէ Հայաստանի մէջ։ Հայ-վրացական միացեալ արձանագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ երկու երկիրներու մշակոյթի նախարարութիւնները միացեալ աշխատանքներ պիտի կատարեն հայկական եկեղեցիներու վերանորոգման աշխատանքներ իրականացնելու ուղղութեամբ։ Վարչապետը համոզում յայտնած է, որ մնացեալ հարցերուն մէջ եւս պիտի գտնուին երկու կողմերուն համար ընդունելի լուծումներ, ներառեալ՝ Վրաստանի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կարավիճակին վերաբերեալ։
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ՝՝ԱՌԱՆՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԻԼ՝՝ ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր Ազգային Ժողովի նիստին ընթացքին վերահաստատեց, թէ առանց Լեռնային Ղարաբաղի անկարելի է համաձայնութեան հասնիլ։ Պատասխանելով պատգամաւորներէն մէկուն այն դիտարկումին, թէ Սոչիի մէջ նախագահներ Մետվետեւի, Սարգսեանի եւ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք ազրպէյճանական կողմը հերքած է այն տեղեկութիւնը, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման սկզբունքներու նախաբանին մէջ նշուած է բանակցութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան մասին, Նալբանդեան յայտարարած է, որ անկարելի է համաձայնութեան հասնիլ առանց Լեռնային Ղարաբաղին։ Ինչ որ ազրպէյճանցիները կըսեն, անգամ մը եւս ցոյց կու տայ իրենց ապակառուցողական մօտեցման դրսեւորում մը եւս։ Մեր մօտեցումը Ղարաբաղի մասնակցութեան վերաբերեալ, կրնամ ըսել, ըմբռնում կը գտնէ նաեւ եռանախագահ երկիրներուն կողմէ, (աւելցուցած է Նալբանդեան)։







All the contents on this site are copyrighted ©.