2010-02-04 13:53:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 4 փետրուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Սքովտիայի եկեղեցւոյ խումբ մը եպիսկոպոսներ, հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։

Սքովտիայ եպիսկոպոսները 4-6 փետրուար այցելութիւն կը կատարեն Ս. Պետրոսի յաջորդին։ Սքովտիայի կաթողիկէ եկեղեցին կը հաշուէ շուրջ 660 հազար հաւատացեալ, որոնք կը ներկայացնեն Սքովտիայի բնակչութեան 13 տոկոսը։

Յատնենք թէ նախորդ օրերուն Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Անգլիոյ եւ Կալլէսի եպիսկոպոսները։ Անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը խնդրեց որ ջերմ ու անկեղծ ընդունելութիւն վերապահուի անկլիգան բոլոր այն եղբայրներուն որոնք կը բաղձան կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարիլ։ Նոյնպէս Սրբազան հայրը խօսեցաւ Անգլիա կատարելիք առաքելական այցելութեան մասին, վկայութիւն տալու եւ ամրապնդելու կաթողիկէ հաւատացեալներուն հաւատքը, երկրի մը մէջ, որ աշխարհականացումի սպառնալիքի տակ կը գտնուի։ Նշենք թէ Նորին Սրբութեան Անգլիոյ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան գլխաւոր նպատակն է, երանացումը՝ կարտինալ Ճոն Հէնրի Նիւմանի։



Վերջերս Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կատարեց ''Եւրոպայի մեծ սուրբերը եւ քաղաքական իշխանութիւնը'' Ցուցադրութեան որուն բնաբանն է. ՜՜Իշխանութիւնը եւ շնորհքը՝՝ նուիրուած Եւրոպայի սուրբերու կապին քաղաքացիական ընկերութեան հետ։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ։

՜՜Առողջապահութեան հովուութիւնը՝՝ նիւթով մամլոյ ներկայացում։

Առողջապահութեան քահանայապետական հովուութեան խորհուրդին հաստատութեան 25 ամեակին եւ հիւանդին համաշխարհային 18 օրուան առթիւ Վատիկանի Առողջապահութեան քահանայապետական հովուութեան խորհուրդի նախագահը գերապյածառ Զիկմունթ Զիմովսքին, 5 փետրուարին մամուիլին առջեւ կը ներկայացնէ այս տարի կատարուելիք երկու դէպքերը. առաջինը 11 փետրուարին, Սրբազան Քահանայապետին պատարագը Ս. Պետրոս պազելիքայի մէջ, եւ ապա սրբուհի Բերնարտեթին աճիւններու ցուցադրութիւնը։



Սերպիոյ նոր պատրիարքին կոչը համամիութենական հանդիպում կազմակերպելու Սերպիոյ մէջ 2013ին

Սերպիոյ նոր պատրիարքը գերերջանիկ Իրենէոս, մամլոյ առաջին ասուլիսին ընթացքին կոչ ըրած է Վատիկանի համամիութենական հանդիպում մը կատարելու Սերպիոյ Նիս քաղաքի մէջ , առաջարկելով համամիութենական մեծ հանդիպումը կատարել 2013ին Միլանոյի հրովարտակի 1700ամեակին առթիւ։

Այդ հրովարտակով Կոսդանդին կայսրը քրիստոնէական կրօնքը կ'ընդունէր որպէս պաշտօնական կրօնք հռոմէական կայսրութեան։

Սերպիոյ նոր պատրիարքը ճանչցուած է որպէս համերաշխ անձ մը Սերպիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ։ Իր պատրիարք ընտրութենէն միքանի օր ետք, ան հրապարակաւ հրաւիրած է, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, այցելելու Սերպիան 2013-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.