2010-02-04 13:17:58

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՒԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԴԱՌՆԱԼ ԵՒ ՊԷՏՔ ՉԷ ԴԱՌՆԱՅ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ԿԱՄ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՆԻՒԹ (Կ՝ԸՍԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ) ։
Հայկական ուսումնասիրութեանց ընկերութեան գործադիր խորհուրդը 31 յունուարին Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մէջ ներառուած պատմական հարցերով ենթայանձնախումբին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած է, որուն մէջ կը նշէ ՝՝Հայկական ուսումնասիրութեանց ընկերութիւնը այսու ուժգին կերպով կը յայտարարէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անհերքելի իրողութիւն մըն է՝ հաստատուած անկողմնակալ եւ բծախնդիր ու բազմալեզու արխիւային պրպտումներու վրայ, որոնք կատարուած են շարք մը մասնագէտներու կողմէ, որոնց մեծամասնութիւնը անդամ են վարկ ունեցող աշխարհահռչակ հեղինակութեանց, ինչպէս՝ Ցեղասպանութեան մասնագէտներու միջազգային ընկերակցութեան եւ մեր Հայկական ուսումնասիրութեանց ընկերութեան։ Հայկական Ցեղասպանութեան վաւերականութիւնը չի կրնար վերածուիլ եւ պէտք չէ վերածուի քննարկումի ու քաղաքական առեւտուրի նիւթի՝՝։ Միւս կողմէ նշենք որ Մասաչուսեթսի հրէական համայնքը միացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու՝ Պարաք Օպամային ուղղուած ստորա-գրահաւաքին
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԹՈՒՐՔԻԱ Կ՝ԵՐԹԱՅ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 4-5 փետրուարին Պոլիս պիտի մեկնի՝ իբրեւ Աֆղանիստանի մէջ Միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերուն զօրախումբ տրամադրող երկրի պատուիրակութեան ղեկավար՝ մասնակցելու համար այդ ուժերու ձեւաչափով պաշտպանութեան նախարարներու աշխատանքային հանդիպումին։ Այցելութեան ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ իր գործընկերներուն հետ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան։
ՓՐԵՍՔՈԹ ԵՒ ՔՈԼՈՄՊԻԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ԱՆՅԱՊԱՂ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ։
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի հարցով համազեկուցողներ Ճոն Փրեսքոթ եւ Ժորժ Քոլոմպիէ միտքերու փոխանակումէն ետք հասած են այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է անպայման իրականացնեն 2008 թուականի մարտեան դէպքերը ուսումնասիրող խորհրդարանական ժամանակաւոր յանձնախումբի առաջարկները։Անոնք ընդծած են, որ յատկապէս ոստիկանութեան եւ ընտրական օրէնսգիրքին վերաբերող բարեփոխումները անյապաղ պէտք է իրականացուին։ Համազեկուցողները յայտարարած են, որ նամակ մը յղած են Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին՝ խնդրելով դիտարկումի յանձնախումբին ներկայացնել բարեփոխումներու իրականացման յստակ պատկերը մինչեւ 17 մարտ 2010-ին Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք նիստը։
ԹՈՒՐՔ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ԲԱՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՍԱՀՄԱՆԸ։
՝՝Ճիհան՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ էրզրումցի գործարարներ յայտարարութիւն մը հրապարակելով պահանջած են բանալ Հայաստանի հետ սահմանը։ Արեւելեան Անատոլուի արտահանողներու միութեան նախագահ Ճեմալ Շենկել յայտարարած է, որ պէտք է անցեալին մէջ ձգել հայերուն ու թուրքերուն միջեւ կատարուածը եւ յառաջ շարժիլ։ Ան հաւատացած է, որ իրենք Հայաստանի հետ առեւտուրի ծաւալները մեծցնելու նպատակով երկկողմ հանդիպումներ կ՝իրականացնեն եւ նոր նախագիծեր կը պատրաստեն։
ԳՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՔԱԼԻֆՈՐՆԻՈՅ ՄԷՋ ։
Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան գրական հանդիպումը տեղի կ՝ունենայ այսօր՝ Հինգշաբթի, Փետրուարի 4ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի դահլիճին մէջ (222 East Harvard St., Glendale, CA 91205), երեկոյեան ժամը 6էն- 8: Ժամը 5ին տեղի պիտի ունենայ ընդունելութիւն: Գրական նոր ստեղծագործութիւններով ելոյթ պիտի ունենան հետեւեալ գրողները՝ բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինեան, արձակագիր Պօղոս Գուբելեան, բանաստեղծ Ներսէս Տէր Մեսրոպեան, բանաստեղծ Գարուշ Հարեանց եւ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան:
 Աւարտին տեղի պիտի ունենայ հարց ու պատասխան եւ կարծիքներու փոխանակում:







All the contents on this site are copyrighted ©.