Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Ս. Հաղորդութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը
Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Ս. Հաղորդութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը
Կը
շարունակէ իր ամէնօրեայ կրօնի դասերը: Վերջին տարիներուն դժուար կը հասկցուէին բառերը,
որովհետեւ այլեւս ձայնը տկարացած էր: Ակռաները թափած էին, որով հնչումը դժուարին էր:
Հետեւաբար ամէնքը կը ջանային մօտենալ իր բերնին, աւելի լաւ լսելու համար:
Երկու
նիւթեր միայն միշտ շրթներուն վրայ էին՝ Ս. Հաղորդութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը: Եղբայր Աթանաս
կը վկայէ.
-Կը յիշեմ Կիրակի օրուայ մը յորդորը… գրեթէ բոլոր քարոզի պահուն կրկնեց
սա բառերը. ‘Ո՜հ, հոգի իմ, որքա՜ն երջանիկ ես: Որքա՜ն մեծ ես: Կը սնանիս Աստուծով, կ’ոռոգուիս
Աստուծոյ մը արիւնով’’:
Օր մը, ամբողջ քառորդ ժամ մը չդադրեցաւ լալէ եւ կրկնելէ.
-Ո՜վ եղբարներ, մենք պիտի տեսնենք, պիտի տեսնենք: Բնաւ կը մտածէ՞ք այս մասին:
Մենք Աստուած պիտի տեսնենք: Զինք պիտի տեսնենք՝ ամենաբարին, զինք պիտի տեսնենք ինչպէս
որ է… Երես առ երես… զինք պիտի տեսնենք… զինք պիտի տենսենք…
Երկնքի մէջ Աստուծոյ
սէրը պիտի լեցնէ եւ ողողէ ամէն ինչ: Սակայն սէրը, ո՜հ, մենք անով պիտի գինովնանք, պիտի
խեղդուինք, պիտի կորսուինք. աստուածային սիրոյ այդ ովկեանոսին մէջ, պիտի ոչնչանանք, հալած
Յիսուսի Սրտի սիրոյն մէջ:
Կեանքի վերջին տարիներու կարծես մարդոց մեղքերը արձակելու
իշխանութեան կողքին Աստուծմէ ընդունած է պարգեւ մխիթարելու, քաջալերելու զանոնք եւ կեանքերնին
անուշցնելու: Այսպէս 1855ին Տէ Կարէ Կոմսն ու Կոմսուհին կը կորսնցնեն իրենց երկու քսան
տարեկան զաւակները. քանի մը ամսուան տարբերութեամբ: Տիկին Կարէ խորտակուած է: Տէր Վիաննէ
անոր տեւական նեցուկն է ու կ’օգնէ ամէ վայրկեան յուսադրելու զանիկա: Շատ մը ուխտաւորներ
վկայեցին թէ ծերունի կրօնականը գիտցած էր զիրենք քաջալերել եւ արիացնել իրենց հոգեկան
տագնապներուն մէջ: