2010-02-03 14:52:36

ՅԻՇԱՐԺԱՆ ՏԱՐԵԹԻՒԵՐ 2010


ՅԻՇԱՐԺԱՆ ՏԱՐԵԹԻՒԵՐ 2010

Ազգային գրադարանի հրատարակած Յիշարժան տարեթիւեր օրացոյցին 2010 թուականի համարին՝ ներառուած է մօտաւորապէս 700 յոբելեաններ եւ յիշարժան իրադարձութիւններ։ Առանձին վերնագիրներով ներկայացուած են այն յոբելեանները, որոնց ծննդեան օրն ու ամիսը կենսագրական տեղեկատուներու մէջ նշուած չեն։ Անոնք թիւով 60 են։ Իսկ օրացոյցին վերջաւորութեան ներառուած են եօթը նշանաւոր իրադարձութիւններ եւս։

Նշենք, որ այս օրացոյցին հրատարակութիւնը կօգնէ գրադարաններուն, լրատուական եւ տեղեկատուական հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու՝ անդրադառնալու տարուան յոբելենական տարեդարձներու թուականներուն։

Ըստ Յիշարժան տարեթիւեր օրացոյցին 2010 թուականի հրատարակութեան, այս տարի կամբողջանայ ճարտարապետ Հրաչեայ Պօղոսեանի եւ գրող Զօրի Բալայեանի՝ 75, երգահան Էտկար Յովհաննիսեանի՝ 80, գրող Հրաչեայ Քոչարիի՝ 100, ճարտարապետ

Կոստան Զարեանի եւ բանաստեղծ Վահան Տէրեանի 125-ամեակները։



ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ 50 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Մատենադարանի շէնքը կառուցուած է 1957-ին։ Հիմնադրութենէն երկու տարի ետք Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնի մատենադարանի ֆոնտերուն հիման վրայ Մատենադարանը իր գիտահետազօտական աշխատանքներուն կը սկսի առաջին տնօրէնի Լեւոն Խաչիկեանի հմուտ ղեկավարութեամբ։ Ան մասնագիտական եւ մասնագէտներու դպրոց հիմնեց իր աշխատանքային 24 տարիներու ընթացքին, յայտնած է Մատենադարանի ներկայի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Հրաչեայ Թամրազեան։

Լեւոն Խաչիկեանի գործը 1982-2006 թուական, մօտաւորապէս քառորդ դար, շարունակած է այլ անուանի հայագէտ մը՝ Սեն Արեւշատեան։

Այս տարիներուն հսկայածաւալ աշխատանք կատարուած է Մատենադարանին մէջ պահուող աւելի քան 17 հազար ձեռագիրներու ուսումնասիրութեան եւ պահպանման համար։ Այս հարիւրամեակներու պատմութիւն ունեցող ձեռագիրներէն 12 հազարը հայերէն մատեաններ են, իսկ մօտաւորապէս 6 հազարը՝ օտար։ Այս մատեանները մեծ նշանակութիւն ունին աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ բնակող ամենատարբեր գիտնականներու համար, եւ ճիշդ այս պատճառով է, որ Մատենադարանը գիտական օճախ կը հանդիսանայ ո՛չ միայն հայերու, այլեւ տարբեր երկիրներէ եկող գիտնականներու համար, յայտնած է Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան։

Նշենք, որ վերջին տարիներուն Մատենադարանի աշխատակազմը թարմացուած է երիտասարդ մասնագէտներով, որոնց թիւը հասած է մօտաւորապէս 170-ի, իսկ յառաջիկային կը նախատեսուի, որ անոնց թիւը աւելնայ երեք անգամով՝ Մատենադարանի նոր ձեռագրապահոցին գործելուն պատճառով։

Արդէն մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր սկսած է նաեւ Մատենադարանի գիտական պահուստներու նոր, հսկայական շէնքին կառուցումը անիկա աւելի քան երեք անգամ մեծ է Մատենադարանի ներկայի շէնքէն եւ յագեցուած է նորագոյն սարքաւորումներով, որոնցմով կարելի կը դառնայ լաւագոյն կերպով պահպանել Մատենադարանի հարստութիւնը։ Այս շէնքին շինարարութիւնը կը կատարուի մոսկուաբնակ գործարար Սերգէյ Համբարձումեանի միջոցներով։ Նշենք, որ Մատենադարանի ներկայի շէնքը վերածուած է հսկայական թանգարան-ցուցասրահի, ուր կարելի է շատ աւելի մեծ քանակութեամբ ցուցադրանմուշներ ներկայացնել, քան՝ մինչեւ օրս ցուցադրուածները։

Մատենադարանի գոյութեան 50 տարիներու ընթացքին այնտեղ գործող գիտաշխատողները հրատարակած են հարիւրաւոր գիտական ժողովածուներ եւ մենագրութիւններ, սակայն, ըստ Մատենադարանի տնօրէնին, կայ ընդհանուր մտահոգութիւն մը մեր ձեռագիրներէն մաս մը կը գտնուին Մատենադարանէն դուրս եւ իսկական պանդուխտի պէս կը շրջին երկրէ երկիր եւ կը սպասեն տունդարձի։

Հրաչեայ Թամրազեան յայտնած է, որ Այդ ձեռագիրներուն մէջ կան բացառիկ նմուշներ, իսկ մենք կը փնտռենք բարեգործներ, որոնք կրնան մեզի օգնել՝ ձեռք ձգելու այդ բացառիկ ձեռագիրները, որոնք թիւով հարիւրաւոր են։








All the contents on this site are copyrighted ©.