2010-02-02 16:26:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Այսօր Երեքշաբթի 2 փետրուար 2010 Տեառընդառաջ է, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման յիշատակութիւնը։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը երեկոյեան ժամասացութիւնը կը գլխաւորէ ժամը 17.30ին, աւարտին Սուրբ հաղորդութեան օրհնութեան կարգը կը կատարուի։

Ծիսակատարութեան մասնաւորապէս հրաւիրուած են վանական միաբանութիւնները, քանի որ Տեառընդառաջի յիշատակութիւնը կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար նուիրուած է ՜՜նուիրեալ անձերուն՝՝։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Սրբազան Քահանայապետին քառասնորդացի պատգամի ներկայացում

Հինգշաբթի 4 փետրուար 2010ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ, Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած լրագրողներուն պիտի ներկայացուի. Սրբազան Քահանայապետին քառասնորդացի պատգամը, որ ունի որպէս բնաբան. ''Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնուեցաւ Քրիստոսի հաւատքի միջոցաւ''։

Պատգամին ներկայացումը կը կատարէ կարտինալ Բոլ Ժոզէֆ Գորտէս` նախագահը ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած քահանայապետական բարեսիրական խորհուրդին։ Կարտինալին կ'ընկերանան փրոֆ. Հանս-Կերդ Պոդերինկ երբեմնի նախագահը՝ եւրոպական խորհրդարանին եւ նախագահը՝ Ատենհաուէր հիմնադրամին, եւ գերպ. Ճիանբիեդրօ տալ Դոզօ ենթաքարտուղարը ''մէկ սիրտ’’ բարեսիրական մարմնին։








All the contents on this site are copyrighted ©.