2010-02-02 16:28:44

Լուրեր հայկական կեանքէն

Դասախօսական երեկոյթ Դամասկոսի մէջ


Լուրեր հայկական կեանքէն

Դասախօսական երեկոյթ Դամասկոսի մէջ

Դամասկոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ հինգշաբթի 4 Փետրուար 2010-ին տեղի պիտի ունենայ երեկոյթ մը որուն ընթացքին պիտի դասախօսէ գերյ. հայր Լեւոն վրդ. Զէքիան հետեւեալ նիւթին մասին. ՜՜Հայ մշակոյթի եւ ինքնութեան ժամանակակից հարցերը՝՝ Երեկոյթը տեղի կ՝ունենայ հովանաւորութեամբ Դամասկոսի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ արհի. Յովսէփ եպ. Առնաւութեանի։

Հ Հ Սփիւռքի նախարարը՝ Հրանուշ Յակոբեան կը պարգեւատրուի ՜՜Խաչատուր Աբովեանի՝՝ անուան մետալով։

Հայաստանի Մանկավարժական համալսարանի նախագահ՝ Արտուշ Ղուկասեան պարգեւատրեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը սոյն համալսարանի ՝ Խաչատուր Աբովեան մետալով՝ անոր հանրապետութեան գիտակրթական, մշակութային մարզի զարգացման գործին մէջ մեծ ներդրումին, սփիւռքի մէջ հայապահպանման ու հայրենանուէր գործունէութեան համար եւ Խաչատուր Աբովեանի ծննդեան 200-ամեակին առիթով։ Սփիւռքի նախարարը մանկավարժական պետական սոյն համալսարանի խորհուրդի անդամ է։



Աւելի քան 140 պետութիւններու հետ Հայաստանը պաշտօնապէս հաստատած է դիւանագիտական յարաբերութիւններ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտական ներկայութիւն՝ դեսպանութիւն, հիւպատոսութիւն, ներկայացուցչութիւն, ունի Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Ափրիկէյի, Ասիայի, Աւստրալիայի եւ նոր անկախացած 40 երկիրներու մէջ։ Ինչպէս Արմէնփրէսին տեղեկացուց ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը, 1991էն ի վեր Հայաստանի կառավարութիւնը արագ եւ արդիւնաւէտ կերպով բարեկամական եւ սերտ դիւանագիտական ու տնտեսական կապեր հաստատած է արտաքին աշխարհի հետ։ Աւելի քան 140 պետութիւններու հետ Հայաստանը պաշտօնապէս հաստատած է դիւանագիտական կապեր։ Հայաստանի մէջ դեսպանութիւն ունի 26 երկիր, ՀՀ-ի մէջ հաւատարմագրուած 60 երկրի դեսպաններու նստավայրը երկրէն դուրս է։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտական ներկայացուցչական առաքելութիւններ ունի միջազգային 7ը կազմակերպութիւններու՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կառոյցին մէջ (նստավայրը՝ Պոլիս), Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ (նստավայրը՝ Մինսկ), Եւրոպայի խորհուրդին մէջ (նստավայրը՝ Ստրազպուրկ), Եւրոմիութեան մէջ (նստավայրը՝ Պրիւքսել), Հիւսիսատլանտեան դաշինքին մէջ (ՆԱԹՕ, նստավայրը՝ Պրիւք սել), Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ (նստավայրը՝ Վիեննա), Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ (նստավայրը՝ Ժընեւ եւ Նիւ Եորք)։

Հայաստանը աշխուժօրէն կը մասնակցի նաեւ համաշխարհային հարցերու եւ խնդիրներու քննարկման՝ դառնալով միջազգային կարեւոր աւելի քան 50 կազմակերպութիւններու անդամ։








All the contents on this site are copyrighted ©.