2010-02-01 13:27:59

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Երկուշաբթի մէկ Փետրուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Անգլիոյ եւ Կալլէսի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիսկոպոսները. եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։



Յետմիջօրէին Անգլիոյ եպիսկոպոսներու գահերէց եպիսկոպոսապետ Նիքոլաս Հռոմի անգլիական դպրեվանքին մէջ հանդիպում կ'ունենայ մամուլին հետ։

Ուեսթիմսդերի առաջնորդը եպիսկոպոսապետ Նիքոլաս Վատիկանի կիսապաշտօն Օսսերվաթորէ ռոմանօ օրաթերթին յայտնած է թէ Անգլիան մեծ խանդավառութեամբ կը սպասէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Լոնտոն։

Անգլիոյ թագուհին եւ կառավարութիւնը իրենց համաձայնութիւնը յայտնած են Քահանայապետին այցելութեան համար, որուն ընթացքին նորին Սրբութիւնը երանելի պիտի հռչակէ Աստուծոյ ծառայ անգլիացի կարտինալ Նիւմանը։ Երանացումը նախատեսուած է Սեպտեմբեր ամսոյն մէջ։

Կիրակի օրը Նորին Սրբութիւնը Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքին խօսեցաւ ներկայ տնտեսական տագնապին մասին, որուն զոհ են բազմաթիւ բանուորները։ Սրբազան հայրը ազգերու եւ առեւտուրի պատասխանատուներէն խնդրեց որ լրջութեամբ դիմագրաւեն ներկայ աշխարհի տնտեսական տագնապը եւ պաշտպանեն բանուորներու իրաւունքն ու արժանաւորութիւնը։



Երեքշաբթի 2 փետրուար 2010 Տեառընդառաջ է,

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երեկոյեան ժամը 5.30ին կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը եւ որուն աւարտին Ս. հաղորդութեան օրհնութեան կարգը կը կատարուի։ Ծիսակատարութեան մասնաւորապէս հրաւիրուած են վանական միաբանութիւնները, քանի որ Տեառընդառաջի յիշատակութիւնը կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար նուիրուած է ՜՜նուիրեալ անձերուն՝՝։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Սրբազան Քահանայապետին քառասնորդացի պատգամի ներկայացում

Հինգշաբթի 4 փետրուար 2010ին, Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած լրագրողներուն կը ներկայացուի. Սրբազան Քահանայապետին քառասնորդացի պատգամը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը կը կատարուի Սրբազան Քահանայապետին քառասնորդացի պատգամին, որ ունի որպէս բնաբան. ''Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնուեցաւ Քրիստոսի հաւատքի միջոցաւ''։

Պատգամին ներկայացումը կը կատարէ կարտինալ Բոլ Ժոզէֆ Գորտէս` նախագահը ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած քահանայապետական բարեսիրական խորհուրդին։ Կարտինալին կ'ընկերանան փրոֆ. Հանս-Կերդ Պոդերինկ երբեմնի նախագահը՝ եւրոպական խորհրդարանին եւ նախագահը՝ Ատենհաուէր հիմնադրամին, եւ գերապայծառ Ճիանբիեդրօ տալ Դոզօ ենթաքարտուղարը ''մէկ սիրտ’’ բարեսիրական մարմնին։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.