2010-01-31 14:38:49

Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 31 յունուար Ա. Կիրակի զկնի առաջաւորի :


Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 31 յունուար Ա. Կիրակի զկնի առաջաւորի :

Ընթերցում Ս. Յովհաննէսի Աւերարանէն 6րդ գլուխ, 22-38 համարները։



Ընթերցուած Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանէն

ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՑԸ

Յաջորդ օրը, ժողովուրդը, որ միւս ափը կեցած էր, տեսաւ, թէ նաւ չկար հոն, բացի այն մէկէն, որուն մէջ Յիսուսի աշակերտները մտած էին եւ (գիտէի՛ն) որ Յիսուս այդ նաւը չէր մտած իր աշակերտներուն հետ, որովհետեւ (այդ նաւով)՝ աշակերտնե՛րը միայն գացած էին։

Երբ ուրիշ նաւեր ալ դէպի այն տեղւոյն մօտերը սկսան ալ Տիբերիայէն, ուր հացը կերած էին,

եւ տեսան, որ հոն չէ Յիսուս եւ ոչ ալ աշակերտները, առին այդ նաւերը եւ Յիսուսը փնտռելու համար Կափառնաում եկան։

Երբ ծովի միւս ափը գտան զինք, անոր ըսին Ռաբբի, ե՞րբ հոս եկար։

Յիսուս պատասխանեց անոնց եւ ըսաւ Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, որ ոչ թէ անոր համար կը փնտռէք զիս, որ հրաշք մը տեսաք, այլ որովհետեւ կերա՛ք այդ հացէն եւ կշտացաք։

Գացէ՛ք, աշխատեցէ՛ք, բայց ո՛չ թէ փճանալու ենթակայ կերակուրին ի խնդիր, այլ ա՛յն կերակուրին համար, որ կը մնա՛յ յաւիտենական կեանքի մէջ, զոր Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայր Աստուա՛ծ կնքած է զինք։

Անոր ըսին Ի՞նչ ընենք, որ Աստուծոյ գործերը ըրած ըլլանք։

Յիսուս պատասխանեց եւ ըսաւ անոնց Այն է Աստուծոյ գործը, որ անո՛ր հաւատաք, զոր ի՛նք ղրկած է։

Եւ ըսին անոր Ի՞նչ նշան կ'ընես, որ տեսնենք եւ հաւատանք ի՞նչ պիտի գործես։

Մեր հայրերը մանանա կերան, երբ անապատի մէջն էին, ինչպէս գրուած է Անոնց երկինքի հաց տուաւ ուտելու ։

Յիսուս ըսաւ անոնց Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, թէ Մովսէսը չէ՛ր, որ ձեզի այդ հացը տուաւ երկնքէն, այլ Հայրս, որ ձեզի ճշմարի՛տ հացը պիտի տայ երկնքէն։

Որովհետեւ այն է Աստուծմէ եկած հացը, որ երկնքէն կ'իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհի։

Անոր ըսին Տէր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը։

Յիսուս ըսաւ անոնց Ե՛ս եմ կեանքի հացը, ան, որ ինծի կու այ՝ պիտի չանօթենայ եւ ան, որ ինծի կը հաւատայ՝ պիտի չծարաւի՛ երբեք։

Բայց արդէն ըսա՛ծ եմ ձեզի, որ դուք տեսա՛ծ էք զիս, բայց (ինծի՛) չէք հաւատար։

Ի՛մ քովս պիտի գան բոլոր անոնք, որ Հայրը կու տայ ինծի եւ ան, որ իմ քովս կու այ, ես դուրս չեմ հաներ (զինք)։

Որովհետեւ ես երկնքէն իջած եմ՝ ոչ թէ անոր համար, որ ի՛մ կամքս կատարեմ, այլ անո՛ր կամքը, որ զի՛ս է ղրկած։

Արդ, այս է Հօրս կամքը, որ զիս ղրկած է որ ոչ մէկը կորսնցնեմ անոնցմէ, որոնք Հայրս յանձնած է ինծի, այլ անոնց յարութիւն տամ վերջին օրը։

Այս է Հօրս կամքը, որ բոլոր անոնք, որ Որդին կը տեսնեն եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանքը ստանան եւ անոնց ե՛ս յարութիւն տամ վերջին օրը։

Հրեաները գանատիլ սկսան անոր դէմ, որ ըսած էր, թէ Ես եմ երկնքէն իջած հացը։

Եւ կ'ըսէին Յիսուսը չէ՞ ասիկա, Յովսէփի որդին, որուն հայրն ու մայրն ալ գիտենք եւ ինչպէ՞ս կ'ըսէ հիմա, որ ես երկնքէն իջած եմ։

Յիսուս պատասխանեց եւ ըսաւ անոնց Մի՛ քրթմնջէք իրարու հետ։

Ոչ ոք կրնայ գալ ինծի, եթէ Հա՛յրը չքաշէ զինք, որ զիս ղրկած է եւ անոր ե՛ս յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը։

Մարգարէներու Գրքին մէջ գրուած է, թէ Բոլորը ուսեալ պիտի ըլլան Աստուծմէ ։ (Հետեւաբար), ինծի կու գան բոլոր անոնք, որ Հօրմէ կը լսեն եւ կ'ուսանին։

Չկայ մէկը, որ տեսած ըլլայ Հայրը, եթէ ոչ ա՛ն միայն, որ Աստուծմէ է եւ ա՛ն (միայն) տեսած է Հայրը։

Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, թէ յաւիտենական կեա՛նքը պիտի ստանայ ան, որ կը հաւատայ։

Ես եմ Կեանքի Հացը։

Ձեր հայրերը, մանանա՛ն կերան անապատի մէջ եւ մեռան։

Այս է երկնքէն իջած (իսկական) հացը եթէ ասկէ՛ ուտելու ըլլայ մէկը, պիտի չմեռնի։

Ես եմ կենդանի հացը, որ երկնքէն իջած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.