2010-01-31 14:38:32

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն


Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն



Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին ցաւակցութիւնները եթովպիական ջախջախուած օդանաւի զոհերուն համար։

Ի լուր Երկուշաբթի առաւօտեան ջախջախուած՝ եթովպիական օդանաւի շուրջ 90 զոհերուն , Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ցաւակցական գիր մը յղած է յայտնելով իր ցաւը, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ՝ Զօր. Միշէլ Սլէյմանին եւ վարչապետ՝ Սաատ Հարիրիին: Ինչպէս նաեւ Հոգեւոր Տէրը ցաւակցագիր մը ուղղեց եւ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան պարոն Փիէթոնին: Համայն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անունով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը գուժէ եթովպիական ջախջախուած օդանաւի ինկած զոհերը, եւ իր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոնց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: 

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 7-ՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Չորեքշաբթի, 27 յունուար 2010-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ արեւելեան ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքին եւ հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ տեղի ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեանց 7-րդ նստաշրջանին։

Անթիլիասի մէջ սոյն հանդիպումը կայացնելու հրաւէրը տրուած ըլլալով Արամ Ա կաթողիկոսի կողմէ՝ ժողովականներ հիւրընկալուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ։

Առաւօտուն, Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուած եկեղեցական արարողութենէն ետք, Կիլիկիա թանգարանի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ ժողովի 7-րդ նստաշրջանին բացումը։

Առաջին երկու օրերու իրերայաջորդ նիստերով քննարկուեցաւ հետեւեալ հարցը Եկեղեցիներ ինչպէ՞ս ընդունեցին տիեզերական ժողովները եւ ինչպէ՞ս արտայայտեցին իրարու հետ իրենց հաղորդութեան մէջ ըլլալը, եւ այս երկու պարագաներուն Հռոմ մասնաւոր դերակատարութիւն մը ունեցա՞ւ։ Եզնիկ արք Պետրոսեան եւ հայր Լեւոն Զեքիեան առանձին դասախօսութիւններով ներկայացուցին հայկական աղբիւրները տուեալ նիւթին վերաբերեալ, իսկ մետրոպոլիտ Պիշոյ ներկայացուց ղպտիական աղբիւրները։ Դասախօսական ելոյթներէն ետք տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում, որուն ընթացքին ներկայ ժողովականները պատմական տուեալներու վրայ հիմնուած, իրենց տեսակէտները պարզեցին՝ առաւել եւս լուսաբանելով տիեզերական ժողովներու պատմական անցեալը։

Ժողովականներ առիթ ունեցան նաեւ պաշտօնապէս հանդիպելու Արամ Ա կաթողիկոսին հետ վեհարանի դահլիճին մէջ, ուր վեհափառը իր պատկերացումը եւ սպասումները արտայայտեց աստուածաբանական սոյն երկխօսութեան շարքին առնչութեամբ։

Այնուհետեւ երկխօսութեան մասնակից բարձրաստիճան եկեղեցականներն ու աստուածաբանները միասնաբար այցելեցին մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան-մատուռը, եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին։



Հնդկաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ կաթողիկոսին ներկայացուցիչները՝ Արքամ Ա. կաթողիկոսին մօտ

Ուրբաթ, 29 յունուար 2010-ին, Հնդկաստանի Մալապար ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ՝ Պասիլիոս Մարթոմա Տիտմոս Ա կաթողիկոսի ներկայացուցիչ երկու եպիսկոպոսներ՝ Կապրիէլ Մար Կրեկորիոս եւ Մաթիու Վելանիքալ, հանդիպում ունեցան Արամ Ա կաթողիկոսին հետ՝ պաշտօնական նամակ մը յանձնելու վեհափառին։ Երկու հոգեւորականները Անթիլիասի մայրավանք ժամանած էին մասնակցելու համար արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ կայացող աստուածաբանական երկխօսութեանց 7-րդ նստաշրջանին։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հնդկաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու՝ հայ եւ հնդիկ քոյր եկեղեցիներուն գործակցութիւնը առաւել եւս սերտացնելու հեռանկարները։

Յայտնենք, որ Հնդկաստանի Մալապար ուղղափառ եկեղեցւոյ կաթողիկոսը իր նամակով հրաւէր կ'ուղղէ վեհափառին, պաշտօնական այցելութիւն տալու Հնդկաստանի քոյր եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.