2010-01-31 14:38:17

 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը

Կիրակի, յունուար 31, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Աստուծոյխօսքը կը հրաւիրէ հաւատքով ընդունիլ մեր քրիստոնեական կոչումը, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է պտղաբերելու պարգեւները որ Տէրը մեզի պարգեւեց Եկեղեցւոյ պայծաջութեան համար։ Քահանայական այս տարւոյն ընթացքին, Տիրոջմէն հայցենք որ իր խօսքովը ցնցէ բազմաթիւ երիտասարդներ ողջագուրերլու քահանայական կոչումը եւ վեհանձնութեամբ ընթանալու Յիսուսի ետեւէն։

Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, Եկեղեցւոյ Մայրը, նեցուկ կենայ բոլոր անոնց որոնք կը պատրաստուին քահանայ ըլլալու։

Բարի կիրակի եւ բարի շաբաթ կը մայթեմ բոլորիդ։

Նախապէս Սրբազան հայրը ներկաներուն յիշեցուց թէ յունուար ամսուան վերջին կիրակին նուիրուած է հիւանդ բորոտներու, մեր միտքը ինքնքբերաբար կու գայ հայր Տամիանօ, որ բոլոր իր կեանքը նուիրեց բորոտ եղբայրներուն ու քոյրերուն խնամատարութեամբ, որ անցեալ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ զինք սուրբ հռչակեցի։ Անոր երկրնային հոգատարութեան կը յանձնեմ բոլոր այն անհատները որ դժբախտաբար թիրախ են այս հիւանդութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք որոնք կը խնամեն ու կը դարմանեն զանոնք եւ կ'աշխատին տէր դառնալ այս հիւանդութեան։ Այս առթիւ կ'ուզեմ ողջունել Ռաուլ ֆոլերոյի բարեկամ իտալական ընկերացութիւնը։

իսկ այժմ լեսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։



Սրբազան Քահանայապետին Փետրուար ամսուայ աղօթքի ընդհանուր եւ միսիոնարական դիտաւորութիւնները

Նորին Սրբութիւնը փետրուար ամսուան համար կը հրաւիրէ հաւատացեալները աղօթելու,

- որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն. բոլոր գիտանականներուն ու մշակոյթի մարդոց համար, որպէսզի ճշմարտութեան լուրջ փնտռտուքով հասնին միակ եւ ճշմարիտ Աստուծոյ ճանաչողութեան,

- որպէս միսոնարական դիտաւորութիւն, որպէսզի Եկեղեցին, գիտակից իր միսիոնարական ինքնութեան ջանայ հաւատարմօրէն հետեւիլ Քրիստոսին ու հռչակել անոր Աւետարանը բոլոր ժողովուրդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.