2010-01-29 12:45:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Ուրբաթ յունուար 29 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց

Անգլիոյ եւ Կալլէսի եպիսկոպոսական դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը բացումը կատարեց Եկեղեցական ատեանի տարւոյն, ներկայութեամբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դատաւորներուն ու փաստաբաններուն։



Սրբազան Քահանայապետին ճառը քահանայապետական կաճառներու պատասխանատուներուն։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան հայրը մասնաւորապէս խօսեցաւ քահանայապետական կաճառներու կէտնապատակին ու յատուկ առաքելութեան մասին։

Ներկայ աշխարհի մշակոյթը, թիրախ է յարաբերականութեան ու ենթայականութեան հոսանքին, որուն հետեւանքով կը տիրապետէ մակերեսային եւ նոյնիսկ հասարակ մտայնութիւնը, մեծապէս վնասաբեր լուրջ փնտռտուքի ու երկխօսութեան։

Մենք կանչուած ենք լրջութեամբ խորացնելու մեր մտածողութիւնը կեանքի նշանակութեան մասին, յոյսի եւ ճշմարտութեան արժէքներու ըմբռնումին համար։ Նման յանձնառումին, նաեւ կանչուած են բոլոր անոնք որոնք քահանայութեան թեկանծու են, հասնելու համար սոյն կարգին։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ իւրաքանչիւր քահանայապետական կաճառ աւելի նուիրուի այն առաքելութեան որուն կանչուած է։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Սրբազան Քահանայապետին քառասնորդացի պատգամի ներկայացում

Հինգշաբթի 4 փետրուար 2010ին, Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած լրագրողներուն կը ներկայացուի. Սրբազան Հօր քառասնորդացի պատգամը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը կը կատարուի Սրբազան Քահանայապետին քառասնորդացի պատգամը, որ ունի որպէս բնաբան. ''Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնուեցաւ Քրիստոսի հաւատքի միջոցաւ''։

Պատգամին ներկայացումը կը կատարէ կարտինալ Բոլ Ժոզէֆ Գորտէս` նախագահը ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած քահանայապետական բարեսիրական խորհուրդին։ Կարտինալին կ'ընկերանան փրոֆ. Հանս-Կերդ Պոդերինկ երբեմնի նախագահը՝ եւրոպական խորհրդարանին եւ նախագահը՝ Ատենհաուէր հիմնադրամին, եւ գերապայծառ Ճիանբիեդրօ տալ Դոզօ ենթաքարտուղարը ''մէկ սիրտ’’ բարեսիրական մարմնին։








All the contents on this site are copyrighted ©.