2010-01-29 13:12:22

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԿԱԼԼԷՍԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։
27 Յունուարին Կալլէսի մէջ Ողջակիզումի յիշատակման օրուան ընթացքին, Կալլէսի վարչապետ Քարուին Ճոնզ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է նաեւ Լոս Անճելըսի Սիմոն Վիզընթալ կեդրոնէն հիւր բանախօս ռաբբի Արոն Հիեր։ Հետագային հայեր, կալլէսցիներ եւ ասորիներ ծաղկեպսակ զետեղած են գեղեցիկօրէն վերանորոգուած Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանին։ Քարուին Ճոնզ անդամ է Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաունի ղեկավարած Աշխատաւորական Կուսակցութեան, Պրաուն մեծ ճնշումի պիտի ենթարկուի իր կուսակցութեան շարքերուն կողմէ՝ ստեղծուած այս կացութեան պատճառով։ Ճոնզի այս արարքը նաեւ ահազանգ պիտի հնչեցնէ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, որ ի գին ամէն բանի թրքական մերժողական քաղաքականութեան զօրակցելու Աշխատաւորական Կուսակցութեան կեցուածքին աղբիւրն է։
ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ 18-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՝՝ՈՐԵՒԷ ՍԱԴՐԱՆՔԻ ՀԵՂԻՆԱԿ ՊԷՏՔ Է ԼՈՒՐՋ ՀԱԿԱՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ԵՒ ՄԵԾ ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐ ՍՊԱՍԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԷՆ՝՝ Կ՝ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ։
Հայկական Բանակի կազմաւորման 18-ամեակին առիթով երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հայ ժողովուրդին եւ բանակին յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը։
՝՝Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ ձեզ հայկական բանակի օրուան կապակցութեամբ։ Հայոց Բանակի կազմաւորումն ու կայացումը պատմական նուաճում էր, որ իրողութիւն դարձաւ մեր սերնդի աչքի առջեւ։ Պետականութեան կորստի, ուրեմն եւ բանակի բացակայութեան պատճառով մենք թանկ, շատ թանկ գին ենք վճարել՝` սկսած միջնադարից մինչեւ 1915 թուական, մինչեւ Սումկայիթ, Կիրովապատ ու Պաքու։ Հայոց Բանակը հայ ազգի արժանապատուութիւնն է։ Պատերազմի բերած արեան ու արցունքների մեջ, կրակների մեջ ծնուեց հայկական բանակը, որ շարունակում է զարգանալ ու հզօրանալ։ Այսօր Հայոց Բանակը այն երկաթէ երաշխիքն է, որ ապահովում է մեր գոյութիւնն ու ընթացքը եւ սառը ցնցուղ է ցանկացած տաքլուխ արկածախնդրութեան դէմ։ Մեր բանակի դերն այսօր չի սահմանափակւում միայն երկրի սահմանների պաշտպանութեամբ։ Միջազգային խորացող համարկումը ենթադրում է նոր խնդիրներ տարբեր ուղղութիւններով, որոնք լուծւում են յաջողութեամբ։ Ձեր գերխնդիրն է ապահովել հայրենիքի անվտանգութիւնը։ Ձեր մասնագիտական բարձր որակներով, արդի արհեստագիտական միջոցներին կատարելապէս տիրապետելու հմտութեամբ, բարոյակամային յատկանիշներով ու հայրենասիրական խրոխտ կեցուածքով դուք յուսալիօրէն կանգնած էք ցանկացած ոտնձգութեան դէմ։ Եւ որեւէ սադրանքի հեղինակ հաստատապէս պէտք է լուրջ հակահարուածներ, նաեւ մեծ անակնկալներ սպասի հայկական բանակից չհասկանալ սա՝` առնուազն միամտութիւն է։ Մարդկանց, ազգերի ու պետութիւնների իրաւունքները յարգող իւրաքանչիւր բնական երկրի համար ամենամեծ յաղթանակը պատերազմը կանխելն է։ Դուք դա անում էք լիարժէքօրէն, պատուախնդիր կերպով եւ վայելում էք մեր ժողովրդի սէրը, յարգանքն ու վստահութիւնը։ Կրկին շնորհաւորելով այս փառապանծ տօնի առթիւ՝` մաղթում եմ, որ մեր երկրում ու տարածաշրջանում միշտ տիրի խաղաղութիւն, որ մեր ժողովուրդը շարունակի իր խաղաղ աշխատանքն ու արարումը՝` յանուն Հայաստանի հզօրացման եւ վերելքի։
Փա՛ռք հայկական բանակին, Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Հայաստան աւելի քան 140 պետութիւններու հետ պաշտօնապէս հաստատած է դիւանագիտական յարաբերութիւններ։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտական ներկայութիւն՝ դեսպանութիւն, հիւպատոսութիւն, ներկայացուցչութիւն, ունի Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Ափրիկէյի, Ասիայի, Աւստրալիայի եւ նոր անկախացած 40 երկիրներու մէջ։
Ինչպէս ՝՝Արմէնփրէսին՝՝ տեղեկացուց ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը, 1991էն ի վեր Հայաստանի կառավարութիւնը արագ եւ արդիւնաւէտ կերպով բարեկամական եւ սերտ դիւանագիտական ու տնտեսական կապեր հաստատած է արտաքին աշխարհի հետ։ Աւելի քան 140 պետութիւններու հետ Հայաստանը պաշտօնապէս հաստատած է դիւանագիտական կապեր։ Հայաստանի մէջ դեսպանութիւն ունին 26 երկիրներ, ՀՀ-ի մէջ հաւատարմագրուած 60 երկրի դեսպաններու նստավայրը երկրէն դուրս է։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտական ներկայացուցչական առաքելութիւններ ունի միջազգային 7ը կազմակերպութիւններու՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կառոյցին մէջ (նստավայրը՝ Պոլիս), Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ (նստավայրը՝ Մինսկ), Եւրոպայի խորհուրդին մէջ (նստավայրը՝ Ստրազպուրկ), Եւրոմիութեան մէջ (նստավայրը՝ Պրիւքսել), Հիւսիս-ատլանտեան դաշինքին մէջ (ՆԱԹՕ, նստավայրը՝ Պրիւքսել), Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ (նստավայրը՝ Վիեննա), Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ (նստավայրը՝ Ժընեւ եւ Նիւ Եորք)։ Հայաստանը աշխուժօրէն կը մասնակցի նաեւ համաշխարհային հարցերու եւ խնդիրներու քննարկման՝ դառնալով միջազգային կարեւոր աւելի քան 50 կազմակերպութիւններու անդամ։







All the contents on this site are copyrighted ©.