2010-01-27 15:16:49

Պետրոս Դուրեան (1851 - 1872). Մահուան դէմ պայքարող Հանճարեղ Պատանին


Պետրոս Դուրեան (1851 - 1872). Մահուան դէմ պայքարող Հանճարեղ Պատանին



21 Յունուարին, կը լրանայ մահուան 138րդ տարելիցը հայ գրականութեան Հանճարեղ Պատանիին՝ Պետրոս Դուրեանի, որ ճակատագրուած էր միայն 21 տարի ապրելու։ Իր սրտին մէջ կեանքի ու սիրոյ անմար կրակ ունեցող մահամերձ բանաստեղծը անտրտունջ չհեռացաւ մեր աշխարհէն։ Ընդհակառակն՝ 1871ին, մահուան իր սնարին գամուած, յաւերժութեան յանձնեց Տրտունջք խորագրուած իր անմահ բանաստեղծութիւնը՝ Ճակատագրի եւ մահուան դէմ ընդվզումի ու ըմբոստացման հանճարեղ երգը երկնելով.

Պետրոս Դուրեան ծնած էր 1851ին, Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը, երկաթագործ Զմպայեանի աղքատ յարկին տակ եւ հօրենական ազգանունին հայացումով էր, որ Դուրեան գրչանունով ստորագրեց հազիւ 13 տարեկանին իր գրած առաջին բանաստեղծութիւնը։

Կեանքը դաժան գտնուեցաւ բնատուր տաղանդով օժտուած պատանիին նկատմամբ։ Աղքատութեան մէջ մեծնալով՝ չկրցաւ ուսման իր ծարաւը յագեցնել եւ պատանի տարիքէն աշխատանքի ասպարէզ նետուեցաւ՝ ընտանիքին կարիքները հոգալու պարտաւորութեամբ։ Ապրուստի միջոց ընտրեց ժամանակի հայ մամուլին աշխատակցութիւնը՝ յատկապէսթատերախաղեր գրելով, որովհետեւ այդ օրերուն մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր թատրոնը. նոյնիսկ դերասանութեամբ իր ապրուստը ապահովելու հարկին տակ գտնուեցաւ այլապէս քնարերգակ բանաստեղծի մեծ տաղանդ ունեցող Հայկեան Հանճարի անզուգական այս աստղը։

Ապրուստը ապահովելու դժուարութեան վրայ գումարուեցաւ աւելի ահաւորը՝ առողջական վիճակին քայքայումը թոքախտի վարակման հետեւանքով։ Անողոք ու անբուժելի հիւանդութիւնը խորագոյն յուսահատութիւն եւ յոռետեսութիւն առաջացուց սիրոյ խոր զգացումներով եւ ալեկոծումներով հարուստ վաղամեռիկ բանաստեղծին յուզաշխարհին վրայ։

Դառնութեան խորագոյն զգացողութիւնը եւս Դուրեան բանաստեղծականօրէն յաւերժացուց՝ հայ գրականութեան կտակելով իր անկրկնելի Լճակը.



Շատերը զիս մերժեցին,

Քընար մունի սոսկ ըսին.

Մին՝ դողդոջ է, գոյն չունի

Միսն ալ ըսաւ. կը մեռնի։



Ոչ ոք ըսաւ, Հէ՛ք տըղայ,

Արդեօք ինչո՞ւ կը մըխայ,

Թերեւս ըլլայ գեղանի,

Թէ որ սիրեմ, չը մեռնի։

Կրկնակիօրէն դաժան այսօրինակ կեանք մը ապրելով՝ Պետրոս Դուրեան բանաստեղծութեան մէջ որոնեց եւ գտաւ ինքնադրսեւորման ու ինքնահաստատման իր կենսունակ աշխարհը։ Թէեւ ժամանակը չունեցաւ բեղուն ստեղծագործութեան, բայց հազիւ քառասունի հասնող իր բանաստեղծութիւնները ինքնին բաւարար եղան, որպէսզի Պետրոս Դուրեան լայն հորիզոն բանայ հայ քնարերգութեան առջեւ ու թռիչք տայ սիրոյ եւ տառապանքի մարդկային ամէնէն վաւերական, յորդ ու անկեղծ զգացումները յաւերժութեան յանձնելու երկունքին։

Իր օրին արդէն Դուրեան շատ արագ սիրուած եւ փնտռուած բանաստեղծը դարձաւ հայ երիտասարդութեան։ Իր բանաստեղծութիւնները դարձան երիտասարդ սրտերու եւ հոգիներու հարազատ թարգմանը, անոնց շրթներուն շարունակ հնչող երգերը...








All the contents on this site are copyrighted ©.