2010-01-27 15:17:04

Լուրեր հայ աշխարհէն


Լուրեր հայ աշխարհէն

Յառաջիկայ Կիրակի, 31 Յունուարին, Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւններուն նախաձեռնութեամբ, պիտի նշուի Հայ Օգնութեան Միութեան - ՀՕՄ-ի 100-ամեակը։

Այս առիթով, յայտագրին մէջ յատուկ տեղ տրուած է հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան ամէնէն հարազատ արտայայտութիւններէն մէկը նկատուող հայկական տարազին։

Քանդակագործ Վ. Համբարձումեան Կը Պարգեւատրուի Մոսկուայի Մէջ

Վերջերս Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը ընթացքին, հայ քանդակագործ Վարազդատ Համբարձումեան պարգեւատրուած է «Տաղանդ եւ կոչում» մետալով: Նշենք, որ ցուցահանդէսին մասնակցած են շուրջ 70 երկիրներէ աւելի քան 100 արուեստագէտներ եւ քանդակագործներ:

Երկուշաբթի 18 Յունուարին, Երեւանի մէջ կայացած՝ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին քանդակագործը յայտնած է. «Մենք պէտք է կարողանանք մեր ազգային արժէքները ժամանակակից ձեւով ներկայացնել աշխարհին»։ Հայ ազգային արժէքները ողջ աշխարհին ներկայացնելու նպատակ հետապնդող 50ամեայ Համբարձումեանի կարծիքով, «խաչքարերը Աստուծոյ կնիքն են հայոց հողի վրայ, եւ դրանք կարելի է ստեղծել միայն Հայաստանում»:

Դոկտորայի արժանացած հայագէտներու մրցոյթ եւ այցելու դասախօս ըլլալու կարելիութիւն

 Միացեալ Նահանգներ- Միշիկըն համալսարանի Հայագիտական ծրագրի տեղեկութեան համաձայն, Մանուկեան Սիմոն հիմնադրամին օժանդակութեամբ տեղի պիտի ունենայ վերջին երեք տարիներուն դոկտորայի արժանացած հայագէտներու մրցոյթ մը, առիթ ընծայելով շահողներուն, որ իրենց գիտելիքները փոխանցեն համալսարանական դասաւանդութիւններու կամ ուսումնասիրութիւններու ճամբով:

 Մրցոյթին արժանացողները պիտի մասնակցին Միշիկըն համալսարանի Հայագիտական ծրագրին գործունէութեան, հանրային երկու դասախօսութիւններ պիտի տան եւ առ նուազն մէկ դասանիւթ պիտի դասաւանդեն: Պայման է, որ դոկտորայի տիրացած անհատներներուն դոկտորական թէզերը մօտէն առընչուած ըլլան հայագիտութեան: Դիմումնագիրներ ներկայացնելու պայմանաժամն է Փետրուար 5, 2010:

 Միշիկըն համալսարանի Հայագիտական ծրագիրը, դարձեալ Մանուկեան Սիմոն հիմնադրամին օժանդակութեամբ, նախաձեռնած է համալսարանի հայագիտական ծրագրին համար այցելու դասախօսներ ապահովելու աշխատանքին, որպէսզի ծրագրին մասնակիցները առիթը ունենան ծանօթանալու հայագիտութեան տարբեր երեսներուն: Նախապատուութիւնը պիտի տրուի պատմութեան, լեզուի եւ գրականութեան մարզերէն դուրս մասնագիտացած դասախօսներու, որոնք իւրաքանչիւր եռամսեակ երկուքական նիւթ պիտի դասաւանդեն:  Այս պարագային եւս դիմումնագիրներ ներկայացնելու պայմանաժամն է Փետրուար 5, 2010:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.