Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիանէ – Հնազանդ ժողովրդապետը կը վերադառնայ Արս…
Քահանայական տարի -
Ժան Մարի Վիանէ – Հնազանդ ժողովրդապետը կը վերադառնայ Արս…
Տէր Վիաննէ,
հնազանդ զաւակի մը պէս չուշացաւ կատարելու իր եպիսկոպոսին փափքը: Շաբաթ մըն է որ թողած
է Արսը: ժամանակն է տուն գալու: Հիմա վստահ է. Աստուած կ’ուզէ որ Արս մնայ եւ ոչ ուրիշ
տեղ: Տէր Ռէմոն պատգամաւոր մը կը ղրկէ Արս, թէ իրենց վարդապետը ետ կու գայ: Լուրը արագ
կը ծաւալի: Գաթերին Լազան կը գրէ.
-Ամէնքը կը վազէին, բանուորները կը ձգէին իրենց
աշխատանքը, ցորեն հարողները կը թողէին ցորեն զարնելը, որ գան տեսնեն վարապետին հասնիլը:
Մէկ վայրկեանի մէջ, հրապարակը լեցուեցաւ արսեցիներով, որոնք չէին գիտեր ինչպէս յայտնել
իրենց ուրախութիւնը եւ յուզուած արցունք կը թափէին: Խօսող չկար, այլ ամէնքը անոր առջեւ
ծունկի կու գային եւ իր օրհնութիւնը կը խնդրէին:
Հրապարակի շրջանն ըրաւ, Տէր Ռէմոնին
կռթնած եւ եպիսկոպոսի մը պէս օրհնեց ժողովուրդը: Կը ժպտէր, երջանիկ էր եւ կ’ըսէր.
-Կարծես
ամէն բան կորսուած էր, հիմա գտնուեցաւ:
Սեպտ. 19 էր: Յաջորդ առտու, ժամը մէկին
ելաւ քահանայատունէն ու եկեղեցի մտաւ: Ամէն բան դարձեալ սկսաւ:
Սակայն Տէր Ռէմոն
հետզհետէ աւելի յաճախ կու գայ օգնելու Տէր Վիաննէի: 1854ին Գերպ. Տեվի կը հաւանի որ մնայուն
կերպով հաստատուի Արս: Տարի մը պիտի մնայ:
Շուտով իր հրամայական եւ անզիջող նկարագիրը
անհաճոյ անցաւ արսեցիներուն եւ Վիաննէի, բայց ինք միշտ պաշտպանեց իր օգնականը:
Երբ
Տէր Ռէմոն ձգեց Արսը, Տէր Վիաննէ խոստովանեցաւ Գաթերինին.
-Քիչ մը նեղեց զիս…
Տէր
Ռէմոն 1853ին ժողովրդապետ նշանակուեցաւ ուրիշ գիւղի մը: Անոր փոխան նոր եպիսկոպոսը՝
Տէր Շալանտոն, Արս ղրկեց Տէր Թոքանիէն: