2010-01-26 13:51:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Նորին Սրբութեան խօսքը քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան առթիւ։

Երկուշաբթի 25 Յունուար 2010, տօն Պօղոս առաքեալի դարձին, եւ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ եօթներորդ եւ վերջին օրը։

Եկեղեցին 40 տարիէ ի վեր քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը կապած է Պօղոս առաքեալի յիշատակութեան դարձին հետ։

Արդարեւ երկուշաբթի 25 Յունուարին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց երեկոյեան ժամասացութիւնը Ս. Պօղոս Պազելիքայի մէջ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ եւ որուն ընթացքին քարոզ մը արտասանեց ընդգծելով աղօթքի ու բարի վկայութեան կարեւորութիւնը իրականացնելու համար եկեղեցիներու միութիւնը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, համախմբուած Պօղոս առաքեալի նուիրուած պազելիքային մէջ, եզրափակելու՝ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը,մենք ամէնքս կանչուած ենք ըլլալու՝ ՜՜քարոզիչները Աւետարանին՝՝։ Պօղոս առաքեալը իր գրութիւններու մէջ կը բացագանչէր ՜՜վայ ինծի եթէ Քրիստոսի Աւետարանը չքարոզեմ՝՝։

Առեաքեալին համոզումը ունէր որպէս հիմ ՜՜իր հանդիպումը Յարուցեալ Քրիստոսին հետ մինչ կ'ուղղուէր դէպի Դամասկոս հալածելու քրիստոնեաները՝՝։

Ան՝ հալածիչը դարձաւ քարոզիչ եւ յետագային ինք եւս զոհը եղաւ Աւետարանի քարոզութեան համար։ Պօղոս առաքեալ Հռոմի մէջ կը նահատակուի վկայութիւն տալով քրիստոնէական հաւատքին, եւ Քրիստոսի յաղթանակին՝ մահուան վրայ։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան այս տարուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացաւ հետեւեալ նիւթին վրայ ՜՜վկայութիւն տալ մեր քրիստոնէական հաւատքին Յարուցեալ Քրիստոսին՝՝ ։

Քրիստոս վերջին ըթրիքին աղօթեց իր Հօր ՜՜աշակերտներուն միութեան՝՝ համար։ Թող ամէնքը մէկ ըլլան ... Որպէսզի աշխարհը հաւատայ։

Հետեւաբար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, աշակերտներու միջեւ հաղորդութիւնը ու միութիւնը կարեւոր պայման է, որպէսզի իրենց հաւատքի վկայութիւնը դառնայ ՜՜հաւատալի եւ ազդեցիկ՝՝ ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ՝ քրիստոնեաներու միութեան համար աշխատանքը հրաւէր մըն է ուղղուած բոլոր քրիստոնեաներուն, մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է իր սատարը բերելու որպէսզի այդ միութիւնը իրականանայ, առանց բնաւ մոռնալու թէ՝ քրիստոնեաներու միութիւնը ՜՜աստուածային պարգեւ՝՝ մըն է, ուստի ամէնքս կանչուած ենք մեր աղօթքը բնարձրացնելու Տիրոջ որպէզի իրականանայ այս միութիւնը։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, Եկեղեցւոյ Մայրը, արագացնէ Եկեղեցւոյ միութիւնը եւ այսպէս կ՝իրականանայ իր Որդիին աղօթքը. ''Թող ամէնքը մէկ ըլլան .., որպէսզի աշխարհը հաւատայ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.