2010-01-25 13:03:51

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԱԾ ՍՈՉԻ։
Նախագահ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Սոչի,ուր մեկնարկուած Սարգսեան-Մետվէտէվ եւ Ալիեւ եռակողմ հանդիպումը։ Նախագահները կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաճորման հարցը։Այս հանդիպումին կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի ԱԳՆ Էդուարդ Նալպանտեան,ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վիգեն Սարգսեան ,Ադրբեջանի ԱԳՆ Էլմար Մամետիարով,Ռուսաստանի Արտգործ Նախարար Սերկէյ Լավրով եւ Ռուս Դաշնակցութեան նախագահի օգնական Սերկէյ Պրիխոդկոն։ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի աշխատակազմի ղեկավար Սերկէյ Նարիշքին շաբաթ օր Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի իշխանութեանց հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Ռուսիոյ, Ազրպյէճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ 25 յունուարին Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումը նոր շունչ պիտի հաղորդէ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման գործընթացին։
ԵՒԹՈՎՊԵԱՆ ՕԴԱՆԱՒԻ ՋԱԽՋԱԽՈՒՄԸ։
Պէյրութի միջազգային օդակայանէն թռիչք առած «Պոինկ 737» տիպի Եւթովպեան օդային գիծերու պատկանող օդանաւ մը մինչ Ատտիս Ապէպա կ՝ուղղուէր այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն ջախջախուեցաւ Տամուրի վերեւ։ Ջախջախուած օդանաւուն մէջ կը գտնուէին 83 ճամբորդներ, որոնցմէ 54-ը լիբանանցիներ,22-ը եւթոպացիներ , իսկ մնացեալը կը կրեն տարբեր քաղաքացիութիւններ։ Պէյրութի միջազգային օդակայնին յատուկ տեղեկութիւնները յայտնեցին, թէ օդանաւը թռիչք առնելէն 10 վայրկեան ետք կորսուած է ռատարէն։

ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՍԱՏԱՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ Կ՝ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ պատասխանելով ԱՓԱ լրատու գործակալութեան թղթակիցի հարցումին, յայտարարած է, որ Ռուսիա աշխուժ կերպով կը սատարէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ երկխօսութեան շարունակութեան։ Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու Սոչիի մէջ հանդիպումին, մենք յոյս ունինք, որ ատիկա նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը ըլլայ (նշած է Լաւրով)։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ Ռուսիան ՝՝Հայաստան-Թուրքիա՝՝ արձանագրութիւններուն կապող միակ բանը կողմերուն խնդրանքով Միացեալ Նահանգներուն, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական խորհուրդի գործընկերներուն հետ այդ արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան մասնակցիլն է։ Ան ընդգծած է, որ այդ գործընթացը երկու երկիրները սկսած են առանց որեւէ թելադրանքներու։ Մենք կողմ ենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորուին։ Մենք դէմ ենք որեւէ գործընթացի արհեստական շաղկապման։ Մենք շահագրգռուած ենք, որ Հայաստանն ու Թուրքիան կարգաւորեն իրենց յարաբերութիւնները, որ ղարաբաղեան տագնապը կարելի եղածի չափ արագ լուծուի, եւ թէ ատիկա կը բխի հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներու շահերէն(ըսած է Լաւրով)։
Ըստ անոր, երկու հարցերն ալ շատ-շատ բարդ են, այդ պատճառով ալ իրավիճակը կը պահանջէ գործել հաւասարակշռուած ձեւով եւ յենիլ նախապէս ձեռք բերուածին վրայ։
ՂԱԶԱԽՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը յոյս յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Ղանաթ Սաուտապայեւի միջոցով կարելի ըլլայ հակամարտող կողմերուն բացատրել ղարաբաղեան տագնապի լուծման սկզբունքներուն շուրջ շուտափոյթ համաձայնութեան կայացման կարեւորութիւնը։ 22 յունուարին այս մասին յայտարարութիւն մը կատարեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահը Եուրի Մերզլեաքով։ Անոր համաձայն, փետրուար ամսուան ընթացքին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը այցելութիւններ պիտի կատարէ դէպի Հարաւային Կովկասի տարբեր երկիրներ։ Այս շրջագայութեան նախօրեակին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները անոր ներկայացուցած են տիրող իրավիճակն ու Ղարաբաղի հարցի լուծման հեռանկարները։
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՀԻՒԶ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԿԸ ԽՕՍԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ։
Միացեալ Նահանգներու շարժապատկերի սրահներուն մէջ անցեալ Ուրբաթ, Յունուար 15ին սկսաւ ցուցադրուելու «Իլայի գիրքը» անունը կրող ժապաւէնը, որուն գլխաւոր դերակատարն է Հոլիվուտի աստղերէն Տենզէլ Ուաշինկթըն։ Ժապաւէնի բեմադրիչներն են՝ ծագումով հայ Ալպըրթ եւ Էլըն Հիւզ զոյգ եղբայրները, որոնք յայտնի են իրենց նախկին՝ «Դժոխքէն», ՝՝Տէտ փրէզիտընթս» եւ «Մէնըս թու սոսայիթի» ժապաւէններով։ «USA Today»ի մէջ, Յունուար 14ին հրապարակուած յօդուածի մը մէջ, բեմադրիչ Ալպըրթ Հիւզ, խօսելով իր եւ եղբօր անցեալին մասին՝ նշած է. «Մարդիկ միշտ մեզ որակած են «սեւամորթ բեմադրիչներ»։ Ես միշտ ատած եմ այդ որակումը, որովհետեւ մենք կիսով հայ ենք եւ կիսով՝ սեւամորթ»։Նշենք, որ Հիւզ եղբայրները ծնած են Տիթրոյիթ։ Ափրիկածին ամերիկացի հայրը զիրենք լքած է, երբ անոնք հազիւ երկու տարեկան էին։ Այնուհետեւ իրենց «անդրդուելի ֆէմինիսթ» մայրը, որ ազգութեամբ հայ է, զաւակները փոխադրած է Քալիֆորնիոյ Փոմոնա քաղաքը։ Հիւզ եղբայրները յաճախ կը խօսին իրենց հայկական արմատներուն մասին







All the contents on this site are copyrighted ©.