2010-01-24 13:57:53

Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը։


Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը։

Կիրակի Յունուար 24 քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի վեցերորդ օրը. Քրիստոնեական վկայութիւն տալ յոյսով ու վստահութեամբ ։

''Յիսուս ըսաւ. ի՞նչու կը խռովիք եւ ի՞նչու տարակոյսներ կը ծնին ձեր սրտերուն մէջ''։ Այն ատետ Յիսուս բացաւ իր աշակերտներուն միտքը, հասկնալու համար ս. Գիրքը եւ ըսաւ. այսպէս գրուած է. հարկ է որ Քրիստոս չարչարուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր մեռելներուն մէջէն եւ իր Անունով քարոզել ապաշխարութիւն` մեղքերու թողութեան համար, բոլոր ազգերուն մէջ, Երուսաղէմէն սկսեալ եւ դուք ասոր վկաներն էք։

Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթուան վերջին օրը, որ կը զուգադիպի Պօղոս առաքեալի դարձի յիշատակութեան հետ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Հռոմի ս. Պօղոս տաճարին մէջ կը նախագահէ երեկոյեան ժամասացութիւնը ժամը 17.30ին։

Ծիսակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քոյր եկեղեցիներու ու համայնքներու ներկայացուցիչները։

Վերոյիշեալ արարողութեան յատկապէս կանչուած են Հռոմի կղերն ու հաւատացեալները։








All the contents on this site are copyrighted ©.