2010-01-23 13:14:48

Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը։


Շաբաթ 23 Յունուար 2010, քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի վեցերորդ օր։ ՜՜հաւատարիմ վկայութիւն տալ Ս. Գիրքին՝՝ բնանիւթով.

՜՜ Էմմաուսի աշակերտները իրարու կ'ըսէին. մեր սրտերը չէի՞ն ճմլուէր երբ ճամբան կը խօսէր մեզի եւ ս. Գիրքը կը բացատրէր՝՝։

Յունուար 25ին տօնն է Պօղոս առաքեալի դարձին։ Այս տօնը ի յայտ կը դնէ Աստուծոյ շնորհքին զօրութիւնը, որ կը բազմանայ հոն ուր մեղքը կը գերիշխէ։ Պօղոս առաքեալի կեանքը կը բարեփոխուի Դամասքոսի ճամբու վրայ, երբ Յարուցեալ Տէրը անոր կերեւնայ եւ կը կանչէ. Սաւուղ, Սաւուղ ի՞նչու զիս կը հալածես։

Պօղոս առաքեալի դարձի տօնակատարութիւնը մուտք գործած Ը. դարուն, եւ ներկայիս այս յիշատակութեամբ՝ կ'եզափակուի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը եւ հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ թէ չկայ ճշմարիտ դարձ առանց ապաշխարութեան։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յունուար 25ին, կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը Ս. Պօղոս տաճարին մէջ , մասնակցութեամբ Իտալիա գտնուող քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.