2010-01-23 12:42:01

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ՅԱՆՁՆԱԾ ԵՆ ՄԱՏՐԻՏԵԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԻ ԼՐԱՄՇԱԿՈՒԱԾ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ։
Շրջանային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ հանդիպումներէն ետք, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները երէկ հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ երկու երկիրներու ղեկավարները պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացը։ Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ 20 յունուարին համանախագահները Հայաստանի նախագահին ներկայացուցած են Մատրիտեան փաստաթուղթի լրամշակուած տարբերակը,տագնապի լուծման հիմնական սկզբունքներու նոր ձեւակերպումով։ Այս նոյն փաստաթուղթը աւելի կանուխ՝ դեկտեմբեր 2009-ին ներկայացուած էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ համանախագահներու Պաքու այցելութեան ընթացքին։ Շրջան կատարած իրենց այցելութենէն ետք համանախագահները Ասթանա մեկնած են՝ ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնած Ղազախիստանի կառավարութեան հետ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար։ Այնուհետեւ անոնք պիտի մեկնին Սոչի, ուր 25 յունուարին տեղի պիտի ունենայ Մետվետեւ - Սարգսեան - Ալիեւ հանդիպումը։
ՕԼԵԿ ԵՍԱՅԵԱՆ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԸ։
Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սմբատեան 2009 թուականի աւարտին ընտրուած էր ԱՊՀ-ի երկիրներու մարդասիրական համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն։ Այդ առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր հրամանագիր մը ստորագրած է Արմէն Սմբատեանը Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն ազատ կացուցելու մասին։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի նախագահին նոյն օրուան մէկ այլ հրամանագիրով Օլեկ Եսայեան նշանակուած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՆ ՊԱՔՈՒ։ ՝՝Պաքիլիլար.ազ՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հինգշաբթի երեկոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէն, Պեռնար Ֆասիէն, Եուրի Մերզլիաքովը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերաբերեալ բանակցութիւններու հեռանկարներն ու ներկայ վիճակը։
ՖԻԼԻՓ ԿՈՐՏԸՆԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ ։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն խօսելով Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումին մասին "Ազատութիւն" ձայնասփիւռի կայանին կը յայտնէ."Մեր կարծիքով, դատարանի վճիռը դրական քայլ է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը յառաջ տանելու տեսանկիւնէն"։
Գերմանիոյ կառավարութիւնը Հայաստանին կը տրամադրէ 105 միլիոն Էուրոյի վարկային միջոցներ ։
Հայաստանի կառավարութեան Յունուար 21-ի նիստին ընթացքին համաձայնութիւն տրուեցաւ Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւններուն միջեւ 2009-2010 թուականի ֆինանսական համագործակցութեան մասին համաձայնագրի կնքման առաջարկութեան։ Ինչպէս նշեց ՀՀ ֆինանսներու փոխ նախարար, գլխաւոր գանձապետ Ատոմ Ջանջուղազեանը, համաձայնագրով ճշդուեցաւ թէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը Հայաստանին պիտի տրամադրէ շուրջ 105 միլիոն Էուրոյի վարկային միջոցներ,օժանդակելու համար մի քանի ուղղութիւններով իրականացուող ծրագրերը։

Հայաստանի կառավարութիւնը 100.000 տոլար կը տրամադրէ Հայիթիին։
Հայաստանի կառավարութեան Յունուար 21-ի նիստին, ի շարս օրակարգէն ներս ընդրկուած բազմաթիւ հարցերու, քննարկուեցաւ նաեւ Հայիթիին օգնութիւն տրամադրելու հարցը։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, նախատեսուած է աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման նպատակով Հայիթիի կառավարութեան տրամադրել 100 հազար տոլարին համարժէք դրամ՝ 2010 թուականի պետական պիւտճէի միջոցաւ նախատեսուած պահուստային ֆոնտէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.