2010-01-22 13:22:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութիւնը աշխարհական մը նշանակած է որպէս ենթաքարտուղար Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդին։

Հինգշաբթի օրը, Սրբազան Քահանայապետը նշանակեց Տիկ. ֆլամինիա Ճիովանելլին, որպէս ենթաքարտուղար Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդին։ Ասիկա առաջին անգամն է որ Սրբազան Հայրը աշխարհական մը կ'անուանէ Վատիկանի վարչութեան մէջ։ Տիկին ֆլամինիա Ճիովանելլիի անուանումով ,Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ կիներու նկատմամբ իր մեծ վստահութիւնը։

Տիկին ֆլամինիա Ճիովանելլի ծնած է Հռոմ 1948ին, տնտեսութեան մասնագէտ է եւ հետեւած՝ Վատիկանի առաքելական մատենադարանի դասընթացքներուն, 70-ական տարիներուն։ 1974 էն ի վեր կ՝աշխատի Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին մէջ եւ մասնագիտացած է զարգացումի, աղքատութեան ու աշխատանքի հարցերու մասին։



՜՜Հիւանդին համաշխարհային օրը՝՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատարագ կը մատուցէ հիւնադներուն համար։

Յառաջիկայ փետրուար 11-ին, հիւանդին համաշխարհային օրն է, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այս առթիւ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Ս. պատարագը։

Այս օրը նաեւ 25րդ տարեդարձն է հիւանդին հովուութեան քահանայապետական խորհուրդին հաստատման։ Այդ օրը նաեւ, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, կը զետեղուի սրբուհի Պերնատէթի մասունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.