2010-01-22 13:13:35

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓԻԹԸՐ ՍԵՄՆԵՊԻՆ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպին եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ընդլայնուող օրակարգը։ Սեմնեպի նշած է, որ ներկայիս Եւրոպական Միութիւնը աշխուժ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան կապրի։ Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ շրջանային զարգացումներու, մասնաւորաբար՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային գործընթացին եւ Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Սեմնեպի երէկ հանդիպում ունեցած էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։
ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԻ ԵՒ ՄՈԹԹԱՔԻԻ ՀԵՏ ։Հայաստանի երկրորդ նախաԳահ Ռոպերթ Քոչարեան չորեքշաբթի օրուընէ ի վեր Իրան կը Գտնուի։ Երկրորդ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեան ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ Քոչարեան հանդիպումներ ունեցած է Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի եւ արտաքին գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքիի հետ։ Սողոմոնեան պարզաբանեց, որ Ռոպերթ Քոչարեան Իրան կը գտնուի պետական հրաւէրով՝ իբրեւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ։ Երկօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախկին նախագահը Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ այցելած է Սպահանը։
Ըստ Անգարայի մօտ Ռուս Դեսպանին ՝՝Թուրքիա Եւ Ռուսիա Ռազմավարական Գործընկերներ Չեն՝՝։
Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Իվանովսքի թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ թէեւ Թուրքիա եւ Ռուսիա աւելի սերտ յարաբերութիւններ եւ տնտեսական կապեր կը ստեղծեն, սակայն այդ զարգացումները «ռազմավարական գործընկերութեան» մը արդիւնքը չեն, այլ՝ «հասարակաց շահերու»։«Սեւ ծովու, Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ հասարակաց շահերուն լոյսին տակ, Թուրքիա եւ Ռուսիա կը վերածուին լաւ գործընկերներու, մասնաւորաբար՝ ուժանիւթի մարզին մէջ։ Ուժանիւթի մարզի գործակցութիւնը ամրապնդելու ետին քաղաքական դրդապատճառներ չկան, այլ երկկողմանի տնտեսական շահեր։Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանը աւելցուց թէ ՝՝Ռուսիա Լեռնային Ղարաբաղէն իր ուժերը հեռացնելու համար, Հայաստանի վրայ ճնշում պիտի չբանեցնէ՝՝։
Հայկական Քարտէսի Մը Հարցով՝ Պաքու Կը Բողոքէ Եգիպտոսին։

Եգիպտոսի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ֆայղ Պաքիրով Հինգշաբթի, Յունուար 21ին տեղեկացուց, թէ դեսպանատունը բողոքագիր մը յղած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան, որովհետեւ եգիպտական լրատուական գործակալութիւն մը, իր գործածած քարտէսներէն մէկուն վրայ Լեռնային Ղարաբաղը ու Նախիջեւանը ներառած է Հայաստանի սահմաններէն ներս:







All the contents on this site are copyrighted ©.