2010-01-21 14:03:25

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնըեւՎատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Հինգշաբթի 21 Յունուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց

- Կարտինալ Տիաս` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի,

- Կարինալ Պանիասքօ նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասին,

- Գերապայծառ Ռոտրիկէս առաջնորդը Օպիւս Տէյի եկեղեցական շարժումին։

Իսկ կէսօրին Սրբուհի Ակնէսի տօնին առթիւ,Նորին Սրբութիւնը Ուրբանոս Ը.ի մատրան մէջ օրհնեց նորածին գառնուկները, որոնց բուրդը կը ծառայէ Պալիումի՝ ՝՝ Եմիփերոնի՝՝ հիւսուածքին։ Պալիումը կամ եմիփերոնը ուրար մըն է, զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը խաչի հինգ զարդարանք ունի, որ կը յիշեցնեն Յիսուսի չարչարանքը։ Անոր գործածութիւնը սկսած է 5-րդ դարուն եւ կը խորհրդանշէ կորսուած ոչխարը, որ հայրապետը իր ուսերուն վրայ կը դնէ։ Պալիումը կը կապուի երեք մետաղէ գնդասեղներով որ կը յիշեցնեն Բարի Հովիւն խաչին վրայ պատճառած վէրքերը։ Հինգ խաչերը կը ներկայացնեն քրիստոնեաները։ Պալիում Հիւսուած է լոկ բուրդէ։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

- Քահանայապետական կաճառներու մամլոյ ասուլիս։

Յառաջիկայ յունուար 26ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի կ'ունենայ մամլոյ ներկայացում քահանայապետական կաճառներու, ունենալով որպէս բնաբան. ՜՜Քահանայապետական կաճառները քրիստոնէական նոր մարդաբանութեան ի խնդիր՝՝։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 28 Յունուարին քահանայապետական կաճառներու անդամները կ'ընդունի, իսկ 27 Յունուարին հրապարակային նիստ մը կը գումարեն Վատիկան։ Մամլոյ ներկայցումին կը զեկուցեն գերապայծառ Ռավազի՝ նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին եւ գերապայծառ Եաքոբոնէ համադրիչը քահանայապետական կաճառներուն։



- Առաքելական փոխանորդութեան հաստատում Եւթոպիայի մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Առաքելական նոր փոխանորդութիւն մը հաստատեց Եւթոպիայի Հոզանա եկեղեցական գաւառին համար, նշանակելով հայր Մաթէոսը որպէս եպիսկոպոս առաքելական նոր փոխանորդութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.