2010-01-20 13:35:07

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի 20 յունուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։ Սրբազան Հայրը այսօրուայ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց եկեղեցւոյ միութեան վրայ, քանի որ կը գտնուինք քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան մէջ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Աղօթքի մշտատեւ կոչը կատարեալ միութեան հասնելու համար Տիրոջ աշակերներու միջեւ, համամիութեան բոլոր փնտռտուքներէն ամենէն հարազատ ճանապարհն է ։ Որովհետեւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Միութիւնը Աստուծոյ մէկ պարգեւն է։ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի այս շաբաթը մեզի՝ բոլոր քրիստոնեաներուս համար հրաւէր մըն է, վկայութիւն տալու՝ Աւետարանին թէ՝ մեր խօսքով ու թէ՝ մեր կեանքի ապրումով։ Բոլոր քրիստոնեաները կանչուած են միասնաբար դաւանելու Յարուցեալ Քրիստոսը, հակառակ քրիստոնեաներու անկատար հաղորդութեան, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով ՜՜ համամիութեան շարժումը կը սատարէ ոչ միայն եղբայրական յարաբերութեանց Եկեղեցիներու ու եկեղեցական համայնքներու միջեւ, այլեւ կը խթանէ կատարելու աստուածաբանական փնտռտուք։ Աւելին` կը ներառէ դրական կեանքը հայող հովուական ու խորհրդարանական կեանքի՝՝։ Վատիկանեան Երկրորդ Տիեզերական կեանքէն սկսեալ Կաթողիկէ Եկեղեցին եղբայրական կապ հաստատեց քոյր եկեղեցիներուն եւ եկեղեցական համայնքներոն հետ, անոնց հետ կազմակերպելով՝ աստուածաբանական երկխօսութիւն, եւ որուն շնորհիւ՝ Քրիստոսի աշակերտները օրէօր իրարու կը մօտենան ու կը հասկցուին։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով.՜՜ Թող Տէրը լսէ մեր աղօթքը, որպէսզի մեր ժամանակի քրիստոնեաները միասնաբար կարողանան տալ Քրիստոսի հանդէպ հաւատարմութեան վերանորոգ վկայութիւնը՝՝։

Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ անոնցմէ խնդրեց որ ՜՜Քրիստոսի աշակերտներու միութեան՝՝ վկայութիւն տան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ Անոր որ Հայր Աստուած աշխարհ ղրկեց` որ է մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, ցոյց տալու ժամանակակից մարդոց, Աստուծոյ մեծ սէրը, կարող հրապուրելու զանոնք, ճանչնալու ու հետեւելու Քրիստոսին։ Թող Ամենաբարին Աստուած ամէնքդ օրհնէ։ Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն եւ անոնցմէ խնդրեց որ իրենց քրիստոնէական կեանքի ապրումով ու աղօթքով ապրին քրիստոնէական միութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.